Էրտողան Հայկական Օդանաւին Մասին Հակասական Յայտարարութիւններ Կատարած Է
By adminx - Wed Oct 17, 7:50 am
- 0 Comments
- 200 views
- Tweet
Email
Print
«ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՕԴԱՆԱՒԻ ԽՈՒԶԱՐԿՈՒԹԻՒՆԸ
ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՕՐԷՆՔՆԵՐՈՒՆ ՀԻՄԱՄԲ
ԵՒ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԳԻՏՈՒԹԵԱՄԲ ՏԵՂԻ ՈՒՆԵՑԱՒ»
ԸՍԱՒ ԷՕՆԱԼ
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Սելճուք Էօնալ յայտնեց, որ իր երկիրը դէպի Սուրիա ուղղուող օդանաւերու միջազգային օրէնքներու հիմամբ կատարուած խուզարկումը պիտի շարունակէ` նշելով, որ «Թուրքիա երէկ (նախանցեալ օր) սուրիական Հալէպ քաղաք ուղղուող հայկական օդանաւ մը խուզարկեց` արգելք հանդիսանալու համար, որ իր օդային տարածքը սուրիական բանակի աջակցութեան համար գործածուի»:
Էօնալ ըսաւ, որ «Հայաստան քանի մը օր առաջ տեղեակ պահուեցաւ խուզարկումի այդ գործողութենէն եւ անոր համաձայն գտնուեցաւ, ուստի հարց մը չկար»` նշելով, որ օդանաւը էջք կատարեց թրքական օդակայան մը, ապա մարդասիրական օժանդակութեանց բեռը, «ինչպէս մեզի ատենին յայտնած էին հայ պաշտօնատարները», խուզարկումէն ետք, երբ ի յայտ եկաւ, թէ որեւէ խախտում չկայ, թռիչք առաւ:
Ան ըսաւ, որ Թուրքիա քաղաքային թռիչքներու Շիքակոյի համաձայնութեան հիմամբ գերիշխանական իրաւունք ունի իր օդային տարածքը օգտագործող օդանաւերէն պահանջելու «թեքնիք պատճառներով էջք կատարել»:
Միւս կողմէ, Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան երկուշաբթի օր խօսած է հայկական օդանաւի հարցին մասին եւ պնդած, որ օդանաւին էջքը իրականացուած է շարք մը թեքնիք խնդիրներու պատճառով: Ան միեւնոյն ժամանակ աւելցուցած է, որ խուզարկութենէն ետք օդանաւը ուղարկուած է, որովհետեւ հետեւանքներ յառաջացնող որեւէ խնդիր չէ յայտնաբերուած:
Սակայն մէկ այլ լրագրողի լուսաբանական հարցումին, թէ ի վերջոյ օդանաւի էջքը նախապէս երկկողմանի համաձայնութեան արդի՞ւնք է, Էրտողան տուած է պատասխան մը, որմէ բան չէ հասկցուած: «Ասոնք ընթացիկ հարցեր են: Յստակ ժամանակահատուածին մէջ յստակ տեղեկութիւններ տալը… ինչ կայ, չկայ: Այս նիւթին շուրջ հարցումի ժամանակ հարցումներուն առողջ պատասխան տալը պարզաբանումները…», ըսած է ան:
Էրտողանի տեղակալ, Թուրքիոյ իշխող կուսակցութեան արտաքին կապերու պատասխանատու Էօմեր Չելիք իր կարգին «Թուիթըր» ընկերային ցանցին վրայ բացատրած է, որ «հայկական «Էր Արմինիա» օդանաւը Էրզրումի մէջ էջք կատարելու պայմանը ընդունած է: Գործած է քաղաքային թռիչքներու 1944-ի Շիքակոյի համաձայնագիրը»` աւելցնելով, որ «թեքնիք բնոյթի էջքը թռիչքներուն մէջ սովորական երեւոյթ է»:
Նախապէս նոյնպիսի յայտարարութիւն կատարած էր նաեւ Թուրքիոյ փոխադրամիջոցներու նախարար Պինալի Եըլտըրըմ, որ լրագրողներու հետ զրոյցին մէջ կրկնած է թռիչքը իրականացնող հայկական ընկերութեան տնօրէնի խօսքերը, որ հայկական օդանաւը թեքնիք էջք կատարած է Էրզրումի մէջ եւ ստուգուելէ ետք պիտի շարունակէ թռիչքը: Իսկ ատկէ առաջ ալ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան ներկայացուցիչը վստահեցուցած էր թուրք լրագրողներուն, թէ Հայաստան կը փափաքէր մարդասիրական օգնութիւն ուղարկել Հալէպ: Ինչին ի պատասխան պայման առաջադրուած է, որ Թուրքիոյ տարածքին մէջ անիկա ստուգումի ենթարկուի: Հայաստան ընդունած է պայմանը եւ օդանաւը էջք կատարած Էրզրումի մէջ:
- 0 Comments
- 200 views
- Tweet
Email
Print



