Խորհրդարանը Կը Վերընտրէ Իր Դիւանը Եւ Կը Յետաձգէ Սարակներուն Վերաբերող Օրինագիծին Վաւերացումը
By adminx - Wed Oct 17, 7:45 am
- 0 Comments
- 94 views
- Tweet
Email
Print
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ նախագահեց խորհրդարանի լիագումար նիստին, որուն ընթացքին խորհրդարանի դիւանը վերընտրուեցաւ:
Նիստին ընթացքին որոշ փոփոխութիւններ արձանագրուեցան նաեւ խորհրդարանական մնայուն յանձնախումբերու անդամներուն պարագային: Այս իմաստով, Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, որ արդէն իսկ մաս կը կազմէր արտաքին յարաբերութիւններու խորհրդարանական մնայուն յանձնախումբին, անդամ դարձաւ նաեւ տնտեսութեան եւ առեւտուրի խորհրդարանական մնայուն յանձնախումբին:
Խորհրդարանի նախագահին որոշումով սարակներուն վերաբերող օրինագիծին վաւերացումը յետաձգուեցաւ յառաջիկայ նոյեմբերի սկիզբը գումարուելիք խորհրդարանի լիագումար նիստին:
Այս օրինագիծին վաւերացումը յետաձգելու որոշումը ողջունուեցաւ այն երեսփոխանական պլոքներէն, որոնք արդէն իսկ դէմ էին այդ օրինագիծին: Պլոքներէն ոմանք յայտնեցին, թէ իրենք այդ օրինագիծը բարեփոխելու առաջարկներ պիտի ներկայացնեն:
Այս շրջագիծին մէջ, Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան փոխնախագահ, երեսփոխան Ժորժ Ատուան յայտնեց, որ սարակներուն օրինագիծին առումով պիտի ներկայացնեն առաջարկ օրինագիծ մը: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց Պըրրիի, որ որոշեց այդ օրինագիծին վաւերացումը յետաձգել:
Իր կարգին, Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի ընդհանուր քարտուղար, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան ողջունեց Լիբանանի խորհրդարանին մէջ արձանագրուած ժողովրդավարութիւնը` մաղթելով, որ ան շարունակուի նաեւ յաջորդ օրէնսդրական նիստին ընթացքին:
Նիստէն ետք Մուսթաքպալ հոսանքի երեսփոխան Մոհամետ Քապպարա սուր ցեխարձակում կատարեց Հըզպալլայի դէմ եւ կառավարութեան հարց տուաւ` Սուրիոյ տագնապին իր մասնակցութեան առումով Հըզպալլայի յայտարարութիւններուն վերաբերեալ անոր տեսակէտին մասին:
Իր կարգին, երեսփոխան Սիմոն Ապի Ռամիա պատասխանելով Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի յայտնեց, որ Ժահժահ միջմարոնիական համախոհութենէն դուրս եկած է արդէն, որովհետեւ ան մեկնեցաւ Սէուտական Արաբիա` նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի հետ համաձայնութիւն գոյացնելու նպատակով, «անկախ Պքերքէի մէջ մեր գոյացուցած համաձայնութենէն», ըսաւ ան:
Նշենք, որ նիստին ընթացքին խորհրդարանի նախագահին պահանջով լրագրողները դուրս եկան դահլիճէն: Աւելի ուշ յայտնուեցաւ, թէ Պըրրի փափաքած է երեսփոխաններուն հետ առանձնանալ եւ խօսիլ խորհրդարանին մէջ արձանագրուող մնայուն բացակայութիւններուն մասին:
Այս առումով Պըրրի կարդաց այն երեսփոխաններուն անունները, որոնք մնայուն կերպով կը բացակային նիստերէն, բայց եւ այնպէս անոնք չլսեցին իրենց անունները, որովհետեւ բացակայ էին:
Պէտք է աւելցնել, որ խորհրդարանի նիստէն բացի Պըրրի երէկ խորհրդարանին մէջ երկու անգամ հանդիպում ունեցաւ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի եւ երկու անգամ ալ` նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորայի հետ: Քննարկուեցան ընտրական օրէնքին վերաբերող մանրամասնութիւններ:
Ընտրական Օրէնքի Յատուկ Սեղմ
Յանձնախումբի Անդրանիկ Նիստ
Միւս կողմէ, խորհրդարանին կազմած երեսփոխանական ընտրութիւններու յատուկ օրէնքը քննարկելու սեղմ յանձնախումբը երէկ գումարեց իր անդրանիկ նիստը` նախագահութեամբ խորհրդարանի փոխնախագահ Ֆարիտ Մքարիի:
Մէկուկէս ժամ տեւած նիստին ընթացքին որոշուեցաւ ընտրական օրէնքի տարբերակները քննարկելու յատուկ մեքանիզմ մը:
Նիստէն ետք Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի յայտնեց, որ նիստին ընթացքին քննարկումները դրական էին եւ լուրջ:
«Քննարկումները հիմնուած էին երկրին սահմանադրութեան եւ Ազգային ուխտին համապատասխանող Թաէֆի համաձայնագիրին վրայ», աւելցուց Յ. Բագրատունի:
Նիստին մասնակցող երեսփոխանները իրենց առաջին հանդիպումը նկատեցին շինիչ եւ դրական:
Նշենք, որ սեղմ յանձնախումբը վաղը պիտի շարունակէ իր աշխատանքները:
- 0 Comments
- 94 views
- Tweet
Email
Print





