Զօր. Աուն. «Ռումիէի Մէջ Պատահածը Մեծագոյն Գայթակղութիւնն Է»
By adminx - Wed Oct 17, 7:38 am
- 0 Comments
- 34 views
- Tweet
Email
Print
Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն երէկ Ռապիէի մէջ նախագահեց համախմբումի ընթացիկ նիստին:
Նիստէն ետք տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին զօր. Աուն յայտնեց, որ լիբանանեան պետութիւնը պատասխանատու է մաքսատան մէջ արձանագրուած մաքսանենգումին` նկատել տալով, որ մաքսատունը վարչական խորհուրդ չունի:
Զօր. Աուն շեշտեց, որ երկրին մէջ կարեւորագոյնը ապահովական կայունութիւնն է` աւելցնելով, որ Ռումիէի մէջ պատահածը մեծագոյն գայթակղութիւնն է:
Ան շեշտեց, որ ներքին ապահովութեան ուժերուն տեղեկահաւաքի բաժանմունքը պատասխանատու է երկրին ապահովութեան, «սակայն ապահովական կառոյցներուն մէջ կան սատանաներ, որոնք մնայուն կերպով կը մեղսակցին բանտերուն գայթակղութիւններուն եւ բացթողումներ կ՛արձանագրեն: Ռումիէի հարցով հաւաքական պատասխանատուութիւն կայ, որ պէտք է ստանձնուի ապահովական կառոյցներուն կողմէ», ըսաւ ան:
Զօր. Աուն շեշտեց, որ 1960-ի ընտրական օրէնքը քաղաքական բոլոր ուժերուն համար արդար օրէնք մը չէ: «Անիկա որեւէ պետութեան մը համար ամէնէն տգեղ օրէնքն է», շեշտեց ան` աւելցնելով, որ Լիբանանը «խխունջի պետութիւն» է, որովհետեւ անոր վարչական աշխատանքները խխունջէն աւելի դանդաղ կ՛ընթանան:
- 0 Comments
- 34 views
- Tweet
Email
Print




