Վարչապետ Միքաթի – Լայեուն Հանդիպում
By adminx - Wed Oct 17, 7:36 am
- 0 Comments
- 1 view
- Tweet
Email
Print
Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց մշակոյթի նախարար Կապի Լայեունը, որուն հետ քննարկեց նախարարութեան վերաբերող հարցերը:
Հանդիպումէն ետք Լայեուն յայտնեց, որ վարչապետին հետ քննարկած է Լիբանանի հնութիւններուն վերաբերող հարցեր` շեշտելով անոնց վերաշինութեան անհրաժեշտութիւնը:
Պատասխանելով կառավարութեան կողմէ պետական մարզի պաշտօնեաներու եւ ուսուցիչներու աշխատավարձերուն յաւելումը ֆինանսաւորելու նպատակով վաղը գումարուելիք կառավարութեան նիստին մասին հարցումի մը, Լայեուն յայտնեց, որ այդ թղթածրարին քննարկումն ու լուծումը դիւրին աշխատանք մը պիտի չըլլայ: Ան աւելցուց, որ այդ առումով իրենք պիտի սերտեն ելեւմուտքի նախարարութեան ներկայացուցած ծրագիրները եւ կը յուսան, որ հարցեր պիտի չարձանագրուին:
- 0 Comments
- 1 view
- Tweet
Email
Print




