Friday May 24, 2013

Ժատրայի Մէջ Բռնկած Հրդեհը Կը Պատճառէ Երկու Զոհ

By adminx - Wed Oct 17, 7:33 am

Իքլիմ Խարրուպի Ժատրա շրջանին մէջ գտնուող կահ-կարասիներու յատուկ գործարանի մը մէջ երէկ կէսօրին բռնկեցաւ հրդեհ մը, որ պատճառեց երկու զոհ:

Քաղաքացիական պաշտպանութեան ուժերուն համաձայն, 15 հրշէջ ինքնաշարժներ եւ քաղաքացիական պաշտպանութեան ուժերու 50 անդամներ իսկոյն ուղղուեցան դէպքին վայրը եւ հակակշիռի տակ առին հրդեհը:

Նշենք, որ հրդեհին դրդապատճառները բացայայտելու նպատակով բացուեցաւ հետաքննութիւն մը: Նախնական տուեալներուն համաձայն, հրդեհը բռնկած է ելեկտրական հոսանքի կարճ միացումի պատճառով:

Leave a Reply

Advertisement