Sunday May 19, 2013

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

By adminx - Wed Oct 17, 7:31 am

ՄԱՐԱՏԱ հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէ երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Քանատայի դեսպան Հիլըրի Չայլտ Էտըմզը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանը եւ շրջանը յուզող իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ լիբանանեան-քանատական երկկողմանի յարաբերութիւնները:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի Եարզէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ գործող ամերիկեան պաշտպանութեան գրասենեակի նախագահ գնդ. Տէյվիտ Պրենըրը, որուն հետ քննարկեց Ուաշինկթընի կողմէ լիբանանեան բանակին մատուցուելիք զինուորական օժանդակութիւնը, ինչպէս նաեւ լիբանանեան եւ ամերիկեան բանակներուն միջեւ փոխադարձ գործակցութեան անհրաժեշտութիւնը: Զօր. Քահուաժիի այցելեց նաեւ նախկին ընդհանուր դատախազ Սայիտ Միրզա:

ԱՐՏԱՔԻՆ գործոց նախարար Ատնան Մանսուրի գրասենեակը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ հերքեց Մանսուրի վերագրուած այն յայտարարութիւնը, թէ «Այուպ» օդանաւը Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւի խախտում չէ:

ՌՈՒՄԻԷԻ բանտէն երեք արգելափակեալներուն փախուստին հարցով Զինուորական ատեանին մէջ կառավարութեան ներկայացուցիչ դատախազ Սաքըր Սաքըր ներքին ապահովութեան ուժերու 13 անդամներ ամբաստանեց եւ զանոնք փոխանցեց զինուորական ատեան:

ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ «Հաարեց» օրաթերթին համաձայն, իսրայէլեան ուժեր չեն յաջողած

«Այուպ» հետախուզական օդանաւին բեկորները ամբողջութեամբ հաւաքել:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակը Պրիթելի բնակարաններէն մէկուն կառատունէն 7 գողցուած ինքնաշարժ բացայայտեց:

ՊԵՏԱԿԱՆ անվտանգութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ժորժ Քարաա յայտնեց, որ պետութեան դէմ զէնք բարձրացնողը օրինականութիւն շնորհած կ՛ըլլայ պետութեան` դիմադրելու անոր դէմ:

ՄԱՐԴԿԱՅԻՆ իրաւունքներու կազմակերպութեան դեսպան Ալի Աքիլ Խալիլ յոյս յայտնեց, որ Սուրիոյ մէջ առեւանգուած լիբանանցիները Ատհայի տօնին առիթով ազատ արձակուին:

ՂՈՎՄԻ կուսակցութեան երեսփոխան Մարուան Ֆարես յայտնեց, որ Արսալի մէջ Մուսթաքպալ հոսանքի հետեւորդները դէպի Սուրիա զէնքի մաքսանենգում կը կատարեն եւ զինեալներ կ՛ուղարկեն:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Համասի քաղաքական խորհուրդի մէկ պատուիրակութիւնը երէկ այցելեց հարաւային Լիբանանի մէջ Հըզպալլայի ներկայացուցիչ Ահմետ Սաֆիէտտինի: Համասի քաղաքական խորհուրդի նախագահ Ժիհատ Թահա Սաֆիէտտինի հետ հանդիպում ունենալէ ետք շեշտեց, որ իրենք շնորհաւորած են Հըզպալլան` «Այուպ» օդանաւը արձակելու առիթով:

ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ նախկին նախագահ զօր. Էմիլ Լահուտ շեշտեց, որ ժողովուրդ-բանակ-Դիմադրութիւն եռեակ տարազը լաւագոյն ձեւն է թշնամի Իսրայէլը հեռացնելու Լիբանանէն եւ անոր բռնարարքներուն դէմ պայքարելու:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Զասպիքին շեշտեց, որ Սուրիոյ եւ Թուրքիոյ միջեւ արձանագրուած լարուածութիւնը ի վնաս Թուրքիոյ է:

ՍԷՈՒՏԱԿԱՆ «Ժազիրա» օրաթերթին համաձայն, Հըզպալլայի կողմէ «Այուպ» օդանաւը Իսրայէլ ուղարկելը կը նշանակէ, թէ Իրան կ՛իշխէ Լիբանանին:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Ղաթթաս Խուրի յայտնեց, որ երեսփոխանական ընտրութիւնները կարելի չէ յետաձգել, բացի եթէ շրջանին մէջ հաւանական պատերազմ մը բռնկի:

«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորա միջնորդութիւն կը կատարէ լուծելու համար Փաղանգաւոր կուսակցութեան նախագահ Ամին Ժեմայէլի, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլի եւ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերու ընդհանուր քարտուղարութեան աշխատանքները համակարգող պատասխանատու, նախկին երեսփոխան Ֆարես Սուէյտի միջեւ հարցը:

ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ մեկնաբան Ժոզեֆ Ապու Ֆատել յայտնեց, որ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան ՕԹԱՆ-ի վրայ բեռ դարձած է` աւելցնելով, որ եթէ Էրտողան Սուրիոյ դէմ պատերազմ յայտարարէ, ապա ան անձնասպանութիւն գործած կ՛ըլլայ:

 

 

Leave a Reply

Advertisement