Wednesday May 22, 2013

Պաքուի Մէջ Էրտողան Եւ Ահմատինեժատ Կը Քննարկեն Սուրիոյ Կացութիւնը

By adminx - Wed Oct 17, 7:29 am

Էրտողան եւ Ահմատինեժատ

Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան եւ Իրանի նախագահ Մահմուտ Ահմատինեժատ Պաքուի մէջ Տնտեսական համագործակցութեան վեհաժողովի ծիրին մէջ երէկ ունեցան հանդիպում մը, որուն ընթացքին քննարկեցին Սուրիոյ շուրջ իրենց երկիրներուն ունեցած տարակարծութիւնները: Անոնք նաեւ քննարկեցին ՔԱԿ-ի իրանեան թեւը եղող Քրտական ազատ կեանք կուսակցութեան եւ հիւլէական ուժանիւթին վերաբերող հարցեր:

Ահմատինեժատ հանդիպումին ընթացքին Սուրիոյ սահմանակից Աքչաքալէ գիւղին վերաբերող հարցին մէջ Թուրքիոյ զօրակցութիւն յայտնեց: Յիշեցնենք, որ սուրիական կողմէն արձակուած հրթիռներուն պատճառով նշեալ գիւղին մէջ 3 զոհեր եւ 5 վիրաւորներ արձանագրուած էին: Ահմատինեժատ նշեց, որ «Սուրիոյ մէջ պատերազմն ու բռնարարքները որեւէ արդիւնքի պիտի չհասնին»:

Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ռամին Մեհմանփարասթ յայտնեց, որ սուրիական տագնապի լուծման առաջին հանգրուանին պէտք է բռնարարքները դադրին, ապա քաղաքական մակարդակի որեւէ փոփոխութիւն պէտք է սուրիացի ժողովուրդին պահանջներուն համեմատ ընթանայ:

Ան յայտնեց, որ «Իրան այդ երկրին մէջ ապահովութեան պարտադրման համար դրացի երկիրներուն կողքին կը կանգնի»` շեշտելով, որ իր երկիրը կը մերժէ «սուրիական ներքին հարցերուն արտաքին միջամտութիւնը»:

Թուրքիոյ ելեւմուտքի նախարար Մոհամետ Շիմշեք յայտնեց, որ իր երկիրը մինչեւ հիմա սուրիացի գաղթականներուն վրայ 220 միլիոն տոլար ծախսած է` նախատեսելով, որ 2013-ին իր երկրին պիւտճէական մուտքը 223 միլիառ տոլար ըլլայ:

Շիմշեք ըսաւ, որ սուրիացի գաղթականներուն վրայ տեղական քաղաքապետութեանց եւ կառավարութեան ծախսած տարեկան գումարը հաշուելու պարագային վերոնշեալ ծախսուած գումարը շատ աւելի մեծ կ՛ըլլայ:

Եւրոպական Միութեան հարցերով Թուրքիոյ նախարար Էկեմեն Պաղըշ ողջունեց իր օդային սահմանները սուրիական օդանաւերուն առջեւ փակելու Եւրոպական Միութեան որոշումը եւ զայն կարեւոր զարգացում մը նկատեց: Ան ըսաւ, որ «սուրիական արիւնարբու վարչակարգը այսուհետեւ պէտք է կարգ մը բաներ նշմարէ եւ դադրեցնէ սխալ վարմունքները, ինչպէս նաեւ ականջ տայ իր ժողովուրդի պահանջներուն:

Միացեալ Նահանգներ Մոսկուա-Դամասկոս թռիչք կատարող սուրիական օդանաւի Անգարա պարտադիր էջք ստիպելու թրքական քայլէն ետք Սուրիոյ դրացի երկիրներուն կոչ ուղղեցին իրենց օդային տարածքը հսկելու: Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Վիքթորիա Նուլընտ յայտնեց, որ «Սուրիոյ բոլոր դրացիները կը քաջալերենք իրենց օդային տարածքին օգտագործման նկատմամբ զգուշ ըլլալու, մանաւանդ, որ ներկայիս շօշափելի պարագայ մը ունինք»` աւելցնելով, որ «կը պաշտպանենք Թուրքիոյ տուած որոշումը այն բանին նկատմամբ, որ կը թուի իր օդային տարածքի բռնաբարում մը ըլլալ, եւ մենք անկեղծօրէն սուրիացիներու վրէժխնդրական քայլերու որդեգրումէն անակնկալի չեկանք»:

Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ժիհատ Մաքտիսի անդրադառնալով ՄԱԿ-ի եւ Արաբական լիկայի Սուրիոյ հարցով յատուկ պատուիրակ Լախտար Իպրահիմիի Ատհայի տօնին առիթով զինադադար հաստատելու կոչին ըսաւ, որ Սուրիա արաբ դէտերու առաքելութեան նախկին ղեկավար Մուսթաֆա Տապիի օրերուն զինադադարին յանձնառու մնաց, ինչպէս նաեւ Քոֆի Անանի օրերուն` նշելով, որ զինեալ խմբաւորումներն էին, որ զինադադարը կը խզէին, եւ Տապիի զեկուցումը ատոր վկան է:

Մաքտիսի ըսաւ, որ պահանջուածը ինքնանպատակ զինադադար մը չէ` նշելով, որ Սուրիոյ մէջ պէտք է զինադադարի հաստատման համոզուած ընդհանուր կարծիք գոյանայ, իսկ այդ զինադադարը պէտք է հակառակորդ զինեալ խմբակը զինելու առիթ մը չըլլայ: Ան նաեւ հաղորդեց, որ Իպրահիմի յառաջիկայ օրերուն Սուրիա պիտի այցելէ:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Կենատի Կաթիլով իր կարգին անդրադառնալով այն տեղեկութեանց, որ Իպրահիմի կ՛առաջարկէ Սուրիոյ մէջ 3000 խաղաղապահներ տեղակայել, յայտնեց, որ խաղաղապահներու ուղարկման կարողութիւնը ունեցող միակ կողմը ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդն է` նշելով, որ «այդ մէկը Դամասկոսի համաձայնութեան կը կարօտի»: Ան նաեւ ըսաւ, որ Իպրահիմի Սուրիոյ տագնապի լուծման որեւէ ծրագիր չունի: Նշենք, որ Իպրահիմի հերքեց, թէ այդպիսի առաջարկ մը ունի:

 

Leave a Reply

Advertisement