Սուրիահայութեան Օժանդակութիւնը Շարունակական Պիտի Ըլլայ
By adminx - Wed Oct 17, 7:21 am
- 0 Comments
- 345 views
- Tweet
Email
Print
«Օգնի՛ր եղբօրդ» նախաձեռնութիւնը կը շարունակէ այս պահուն եւս աշխատիլ եւ արդէն կը նախապատրաստէ Սուրիոյ հայերուն ուղարկուելիք մարդասիրական օգնութեան երկրորդ խմբաքանակը:
Նախաձեռնութեան անդամ Լիլիթ Գալստեան «Երկիրն այսօր»-ին տեղեկացուց, որ մեր հայրենակիցները կը շարունակեն արձագանգել, եւ արդէն օգնութեան առաջարկներ կան Ռուսիոյ հայերու միութեան նախագահ Արա Աբրահամեանէն, «ՀայՌուսգազարդ» ընկերութենէն, «Սիվիլիթաս» հիմնադրամէն եւ այլ անհատներէ ու կազմակերպութիւններէ:
«Եթէ յառաջիկային իրավիճակը չհանդարտի եւ չլուծուի, պէտք է շարունակենք օգնութիւն ցուցաբերել մեր համայնքին, որուն կարիքը այսօր անոնք շատ ունին», ըսաւ Լիլիթ Գալստեան:
Բերիոյ հայոց թեմի Ազգային առաջնորդարանի բանբեր Ժիրայր Ռէյիսեան յայտնեց, որ «Օգնի՛ր եղբօրդ» նախաձեռնութեան մարդասիրական օգնութիւնը արդէն Հալէպ կը գտնուի. ատիկա օգտակար կը դառնայ բոլոր կարիքաւորներուն: Ան խօսեցաւ հոն հասած մարդասիրական օգնութեան բաշխման սկզբունքներուն եւ արդէն իսկ սկսած նախապատրաստական աշխատանքներուն մասին:
Ըստ Ժ. Ռէյիսեանի, քանի որ նախանցեալ օր երեկոյեան օդանաւը բեռնաթափուած էր Հալէպի միջազգային օդակայանին մէջ, Հալէպի մէջ ձեւաւորուած միջմիութենական, միջհամայնքային շտապօգնութեան մարմնի կամաւորները օդակայան գացին երէկ, որպէսզի օժանդակութիւնը փոխադրեն քաղաք, որմէ ետք, բնականաբար, պիտի սկսին բաշխման հոլովոյթին: Ըստ անոր, տակաւին կանուխ է խօսելու այն մասին, որ հասած օժանդակութիւնը բաւարա՞ր է, թէ՞ ոչ, որովհետեւ շտապօգնութեան մարմինի տղաները բաշխման հոլովոյթը տակաւին չեն սկսած, բեռը պիտի փոխադրուի քաղաք, եւ անոնք պիտի հասկնան` ինչպէս բաշխել:
«Այն մարդոց, որոնք կարիքաւոր են, օժանդակութեան պէտք ունին` ըլլան հայ եւ, ինչու չէ, եթէ կան ծանր կարիքի մէջ գտնուող սուրիացիներ, անպայման օգնութիւն պիտի ցուցաբերուի: Շտապ օգնութեան մարմինի տղաները օգտակար պիտի ըլլան բոլոր քաղաքացիներուն, որոնք նեղ վիճակի մէջ կը գտնուին: Վստահաբար, օգնութիւնը պիտի բաշխուի բոլոր սուրիահայերուն: Դեռ թող տղաքը եկած օժանդակութիւնը ապահով փոխադրեն քաղաք, որմէ ետք պարզ պիտի դառնայ», մանրամասնեց Ժիրայր Ռէյիսեան:
Ռէյիսեան «Ազդակ»-ին Ներկայացուց
Օժանդակութեան Հալէպ Հասնելուն
Մանրամասնութիւնները
Հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին Բերիոյ թեմի Ազգային առաջնորդարանի բանբեր Ժիրայր Ռէյիսեան «Ազդակ-ին յայտնեց, որ երէկ յետմիջօրէին բեռնակառքը հասաւ «Արամ Մանուկեան» ժողովրդային տան մօտ: Դիմաւորումի եւ շնորհակալութեան եկած էին Հալէպի նահանգապետ Մոհամետ Ուահիտ Աքատ, Բերիոյ թեմի առաջնորդ Շահան եպս. Սարգիսեան, Հալէպի մէջ Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոս Կարէն Գէորգեան, մեծ թիւով պատկերասփիւռի նկարողներ եւ լրագրողներ:
«Գլխաւոր հիւպատոսը լրագրողներուն յայտնեց, որ այս օժանդակութիւնը Հայաստանի եւ Արցախի մեր հայրենակիցներէն խորհրդանշական քայլ մըն է, որ ունի իր բարոյական մեծ արժէքը եւ իմաստը, անկախ իր նիւթական արժէքէն, որովհետեւ երբ հայ ժողովուրդը տարիներ առաջ ծանր պայմաններու մէջ էր, սուրիացի արաբ ժողովուրդը օգնութեան ձեռք երկարեց, իսկ այսօր, երբ սուրիացի ժողովուրդը կը տագնապի, հայ ժողովուրդը Հայաստանի եւ Արցախի մէջ չի կրնար ձեռնածալ մնալ, եւ նուազագոյն այս օգնութեամբ ձեռք չերկարել արաբ եղբայրներուն եւ իր ազգակիցներուն», ըսաւ Ժիրայր Ռէյիսեան:
Ժիրայր Ռէյիսեան նաեւ հաղորդեց, որ երէկ ինկան երկու հայազգի զոհեր` բանակի կողքին կռուող կամաւոր խմբակներէն Միսաք Գահապեան եւ Օսանթ Սալիպա: Երրորդ մը` Շանթ Տէր Մխսեան, վիրաւորուեցաւ: Այս կորուստները արձանագրուեցաւ Սէյիտ Ալի թաղամասին մէջ տեղի ունեցած կռիւներուն ընթացքին:
- 0 Comments
- 345 views
- Tweet
Email
Print



