Մամլոյ 74-րդ Լսարան. Ժիրայր Պէօճեքեան Զեկուցեց ՀՕՄ-ի Համահայկական Ծրագիրներուն Մասին
By adminx - Wed Oct 17, 7:17 am
- 0 Comments
- 190 views
- Tweet
Email
Print
Երէկ` երեքշաբթի, 16 հոկտեմբեր 2012-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, «Ազդակ»-ի խմբագրութեան կազմակերպութեամբ «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ մամլոյ լսարաններու շարքին 74-րդը` նիւթ ունենալով ՀՕՄ-ի համահայկական ծրագիրները: Օրուան զեկուցաբերն էր ՀՕՄ-ի կեդրոնական գրասենեակի գործադիր տնօրէն Ժիրայր Պէօճեքեան:
Լսարանին բարի գալուստի խօսքը արտասանեց «Ազդակ»-ի պատասխանատու խմբագիրներէն Ժաք Յակոբեան, որ նշեց, թէ այս լսարանի կայացման ժամկէտը այդքան ալ պատահական չէ:
«ՀՕՄ-ի համահայկական ծրագիրներուն մասին կը խօսուի այնպիսի ժամանակաշրջանի մը մէջ, երբ սուրիահայութիւնը կը դիմագրաւէ բազում մարտահրաւէրներ` երկրին մէջ տիրող ներքին տագնապալից պայմաններուն պատճառով: ՀՕՄ-ը առաջին համահայկական կառոյցներէն էր, որ փութաց ընդառաջելու սուրիահայութեան օժանդակութեան կոչին, հետագային ան միացաւ նոյն նպատակով տարուած աւելի լայնատարած ճիգերուն: Սուրիահայութեան օժանդակութեան ճիգերէն բացի, այս համահայկական կնոջական կազմակերպութիւնը տակաւին կ՛իրագործէ Հայաստանի, Արցախի եւ Ջաւախքի մէջ ընթացքի մէջ գտնուող բարեսիրական եւ բարգաւաճման ծրագիրներ, կը նպաստէ ընդհանրապէս հայ կնոջ դերակատարութեան ամրապնդման` հայ ազգային կեանքին մէջ», ընդգծեց Ժաք Յակոբեան:
Այնուհետեւ խօսքը տրուեցաւ օրուան զեկուցաբեր Ժիրայր Պէօճեքեանին, որ նախ ընդհանուր ներկայացումը կատարեց Հայ օգնութեան միութեան համահայկական կառոյցին` նշելով միաժամանակ, որ 15 հազարէն աւելի անդամ հաշուող այս կազմակերպութիւնը ներկայիս մասնաճիւղեր ունի Ամերիկայի, Եւրոպայի, Միջին Արեւելքի, Ռուսիոյ, Հայաստանի, Արցախի, Ջաւախքի եւ այլ շրջաններու մէջ:
Ժիրայր Պէօճեքեան յայտնեց, որ ՀՕՄ-ի տեղական մասնաճիւղերը ինչպէս տեղական աշխատանքներ կը կատարեն, նոյնպէս ալ իւրաքանչիւրը իր կարողութեան չափով ներքաշուած է համահայկական բնոյթ ունեցող ծրագիրներու մէջ:
Պէօճեքեան մէկ առ մէկ թուեց ներկայիս ՀՕՄ-ի իրագործած համահայկական ծրագիրները, ինչպէս` «Ամանոր»-ի ծրագիրը, պատանիներու փոխանակման ծրագիրը, Պուլկարիոյ մանկապարտէզներու ծրագիրը, «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի դրամահաւաքի ծրագիրները, «Լաւագոյն ուսանող» ծրագիրը, Հայաստանի մէջ «Մօր ու մանկան» ծրագիրը, Արցախի եւ Ջաւախքի մէջ կազմակերպուած ճամբարները եւ այլն: Պէօճեքեան անդրադարձաւ նաեւ սուրիահայութեան օժանդակութեան գծով իրականացած ծրագիրներուն:
Ներկաներուն հարցումներուն եւ զրոյցի միջոցով շարունակուեցաւ լսարանի նիւթին քննարկումը:
- 0 Comments
- 190 views
- Tweet
Email
Print



