Wednesday Jun 19, 2013

«Թորգոմ Արք. Մանուկեանի Վախճանման Առիթով` Ներսէս Պետրոս Ժթ. Պատրիարքի Ցաւակցագիրը` Յղուած Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին

By adminx - Wed Oct 17, 7:13 am

Դիւան թիւ 230/12

 

 

Նորին Սուրբ Օծութիւն
ՏՏ ԳԱՐԵԳԻՆ Բ.
Ծայրագոյն Պատրիարք
Կաթողիկոս Ամենայն Հայոց
Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածին

 

Սիրեցեալ եղբայր ի Քրիստոս

Խոր յուզում պատճառեց Մեզի Երուսաղէմի հայոց պատրիարք ամենապատիւ Տ. Թորգոմ Բ. արք. Մանուկեանի վախճանման գոյժը: Երջանկայիշատակ պատրիարքին վախճանումը ծանր կորուստ է հայ եկեղեցւոյ համար, որովհետեւ Ան իր հոգեւոր, մտաւորական եւ գրական ստեղծագործական վաստակով, ինչպէս նաեւ միջազգային միջ-եկեղեցական յարաբերութիւններու զարգացման ի խնդիր ծաւալած գործունէութեամբ` քրիստոնեայ աշխարհին սիրոյն, գնահատանքին ու յարգանքին արժանի հայ եկեղեցւոյ ներկայացուցիչներէն մէկը եղած է:

Տխուր այս առիթով, խորապէս յուզուած, կը բաժնենք Ձեր` սիրեցեալ եղբայր ի Քրիստոս եւ Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդին վիշտը` աղօթելով, որ Տէրը հոգիի խաղաղութիւն պարգեւէ հայ եկեղեցւոյ վաստակաշատ սպասաւորին եւ զինք ընդունի իր արքայութեան մէջ:

Աստուծմէ  հայցելով Սուրբ Հոգիի մխիթարութիւնը երջանկայիշատակ պատրիարքի հոգեւոր ընտանիքի անդամներուն, անոր հարազատներուն եւ հաւատացեալ ժողովուրդին, կ՛աղօթենք, որպէսզի տիրոջ հովանին անպակաս ըլլայ Երուսաղէմի հայոց պատրիարքական աթոռին եւ անոր զինուորեալ միաբանութեան վրայէն:

Եղբայրական սիրով`

ՆԵՐՍԷՍ ՊԵՏՐՈՍ ԺԹ.
Կաթողիկոս Պատրիարք
Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց

Հռոմ, 13 հոկտեմբեր 2012

 

 

 

Leave a Reply

Advertisement