Կարգալոյծ Հռչակում` Պարթեւ Վրդ. Կիւլիւմեանի
By adminx - Wed Oct 17, 7:09 am
- 0 Comments
- 299 views
- Tweet
Email
Print
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան միաբանութեան տնօրէն Ժողովը կը յայտարարէ, թէ նկատի ունենալով`
ա.- Պարթեւ Վրդ. Կիւլիւմեանի ցուցաբերած անհնազանդ ընթացքը:
բ.- Կաթողիկոսարանը խաբած ըլլալը, փոխանակ Վենեզուելա` իր ներկայ պաշտօնատեղին եւ հետագային Քանատա` իր նոր պաշտօնատեղին ուղղուելու, Լոս Անճելըս մնացած ըլլալը:
գ.- Վերջերս Լոս Անճելըսի մէջ, հայ եկեղեցւոյ մէջ քարոզի ընթացքին իր ունեցած անպատշաճ արտայայտութիւնները:
դ.- Զղջումնագիր գրելու իրեն տրուած վերջին առիթին մերժումը:
Տնօրէն Ժողովը, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան կանոնագրութեան տրամադրութիւններուն համաձայն, միաձայնութեամբ առաջարկեց վեհափառ հայրապետին, որ կարգալոյծ հռչակէ հայր Պարթեւը:
ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. կաթողիկոս 16 հոկտեմբեր 2012 թուակիր վճռագիրով կարգազուրկ հռչակեց Պարթեւ Վրդ. Կիւլիւմեանը` զինք դասելով աշխարհականներու կարգին, նախկին Պերճ անունով:
16 հոկտեմբեր, 2012
Անթիլիաս
- 0 Comments
- 299 views
- Tweet
Email
Print



