«Բարի» Գալո՞ւստ Չորրորդ Ռայխին
By adminx - Wed Oct 17, 5:40 am
- 0 Comments
- 49 views
- Tweet
Email
Print
ՄԻՀՐԱՆ ՔԻՒՐՏՕՂԼԵԱՆ
Միջազգային մամուլը որոշ ժամանակ առաջ ահազանգած էր արդէն, որ եւրոյի տագնապը լաւագոյնս պիտի օգտագործուի Գերմանիոյ կողմէ, որպէսզի իրականացնէ միշտ երազած իր կայսրութիւնը:
Բ. Համաշխարհային պատերազմի աւարտին Ամերիկայի նախագահ Ֆրանքլին Ռուզվելթ եւ Անգլիոյ վարչապետ Ու. Չըրչիլ միասնաբար յայտարարած էին, որ իրենք որոշած են կազմաքանդել Գերմանիոյ ռազմապաշտ զինեալ ուժերն ու նացիականութիւնը, երբեք թոյլ չտալ Գերմանիոյ վերազինումը, որպէսզի անգամ մը եւս այդ երկիրը չկարենայ սպառնալ աշխարհի խաղաղութեան:
Յաջորդող տարիներուն, սակայն, անոնք «մոռցան» համայն մարդկութեան տուած իրենց խոստումը: Ուաշինկթընն ու Լոնտոնը դիւանագիտական իրենց կշիռը ի գործ դրին, որպէսզի յաջողի Գերմանիոյ անդամակցութեամբ կազմութիւնը Եւրոպական Միութեան, իսկ յատկապէս Ամերիկան իր տոլարներով օգնեց, որ Գերմանիան վերականգնէ իր տնտեսութիւնը եւ իր տրամադրած զինական սարքերով վերազինեց գերմանական բանակը: Պաղ պատերազմի ժամանակաշրջանին Ամերիկան ու Անգլիան իրենց սկզբնական յայտարարութեան ճիշդ հակառակ ուղղութեամբ գործեցին` Խորհրդային Միութեան հաւանական տարածումին դիմաց պատուար մը կանգնած ըլլալու հաշիւով:
Հիմնովին աւերակուած 1945-ի Գերմանիան պատերազմէն վերջ իր ամբողջ ուժականութիւնը ի սպաս դրաւ ուսումնակրթական առաջնակարգ համակարգի մը ստեղծման ու զարգացման համար, իսկ տնտեսական մարզին մէջ զարկ տուաւ ծանր ու թեթեւ ճարտարարուեստին համար մրցունակութեան իր գրաւը կապելով արտադրութեան որակին վրայ եւ ոչ թէ շուկայական արժէքին կամ վաճառման գինին:
Անցնող 60-65 տարիներու ընթացքին, միջազգայնացած տնտեսութեան մէջ մեծ-մեծ ոստումներով, ներկայիս Գերմանիան աշխարհի դրամական արդի համակարգին մէջ փաստօրէն կը գրաւէ ղեկավար դիրք` ընդհանրապէս, եւ Եւրոպայի տարածքին` յատկապէս:
Այս կը նշանակէ, որ խաղաղութեան մէջ շահած է այն, ինչ որ չէր շահած պատերազմով: Բառախաղով մը` պատերազմը կորսնցուց, բայց շահեցաւ խաղաղութիւնը:
Ականատես ենք, թէ ինչպէս Գերմանիան որպէս ղեկավար կը վերաբերի Եւրոպական Միութեան իբր թէ իրեն «հաւասարազօր» գործընկեր-անդամակից երկիրներուն հետ, որոնք համակերպած են արդէն «խնդրարկուի» ենթակայ դիրքին: Բարացուցական էր քանի մը ամիս առաջ հեռատեսիլի կայաններէն ցուցադրուած ամօթալի տեսարանը, երբ Փորթուգալի նախարարը հակած Գերմանիոյ տնտեսական նախարարին առջեւ կը խնդրէր` «Ինչ կ’ըլլայ, քիչ մը աւելի չէ՞ք օգներ մեզի…»: Ակնյայտ էր քանի մը օրեր առաջ իշխանական թեւի ղեկավարութեան հպարտութիւնը անոր համար, որ Անկելլա Մերքել Աթէնքին պիտի շնորհէր կէսօրեայ ասուպային այցելութիւն մը, որուն առիթով Յունաստանի վարչապետը կը յայտարարէր, թէ ընդառաջելով իր հրաւէրին` բարեհաճած է Յունաստան այցելել Ա. Մերքել` վարչապետուհին մեծազօր երկրի մը, ինչպիսին է Գերմանիան:
Պարզամտութիւն պիտի ըլլար կարծել, թէ եւրոգօտիի տագնապը աննախատեսելի էր ու անակնկալ եւ կամ հետեւանքը` Ամերիկայէն ծայր առած տագնապին: Գիտենք, թէ դրամական փոքր վարկի մը համար ստուգումի կ’ենթարկուի խնդրարկուին անցեալի-ներկայի-ապագայի վճարման հնարաւորութիւններուն լրիւ ծրարը: Ապա ուրեմն կրնա՞յ ըլլալ արդեօք, որ հակառակ եւրոգօտիի երկիրներու տարեկան պիւտճէական բացին համար սահմանուած կարգապահական խստագոյն սեղմումներուն, բազմահազար միլիառներու հասնող եւրոյի պետական պարտաթուղթեր շուկայ թափուին եւ միութեան Կեդր. դրամատունը վերահսկողի իր դերով չանդրադառնայ ու չսանձէ:
Թերեւս այո, թերեւս` ոչ:
Փաստը այն է սակայն, որ պարտաթուղթ հրատարակող երկիրները ուժաքամ եղան իրենց վճարած տոկոսներէն, միաժամանակ ունեցան աննախընթաց բարգաւաճումի խաբկանքը` իրենց բնակչութիւնը վարժեցնելով հանգստաւէտ կեանքի:
Փաստը այն է նոյնպէս, որ այդ երկիրները հիմա անելի մատնուած ու շուար` դարձած են խնդրարկու Գերմանիոյ դիմաց, քանի որ ելքի բանալին անոր ձեռքերուն մէջն է եւ ան իր կարգին անոնց կը պայմանադրէ իր ղեկավարութիւնը եւ կանոններ թելադրողի հանգամանքը :
Ներկայիս տուեալները ենթադրել կու տան, որ Եւրոմիութիւնը հետզհետէ պիտի ստանայ այնպիսի ձեւաւորում, ուր դրամանիշի միութիւնը պիտի առաջնորդէ տնտեսական մէկ քաղաքականութեան, շահատուրքի մէկ դրութեան, ընկերային միօրինակ ապահովագրութեան, միասնական մէկ պարտքի: Ուրեմն մէկ տնտեսութիւն, որով եւ` տնտեսական մէկ նախարարութիւն: Եւ այս ամբողջը` Գերմանիոյ վերակացութեամբ ու իր թելադրած կանոններով: Բնական է, որ նման պարագայի մը անդամ երկիրները պիտի կորսնցնեն իրենց ինքնիշխանութիւնը այնպէս, ինչպիսին էր 70 տարի առաջ: Այն տարբերութեամբ, որ այս անգամ պիտի չերեւին զինեալ «Էս-Էս»-ները իրենց վայրագ ախորժակներով: Իսկ Անգլիոյ նման եւրոգօտիէն դուրս մնացող տնտեսութիւնները պիտի դառնան լուսանցքային:
Հորիզոնին վրայ է 4-րդ Ռայխը` հրամայող իր կերպարով, որ այսօր պիտի օգնէ Եւրոմիութեան տկար օղակը հանդիսացող երկիրներուն այն չափով, որ անոնց «ընկերային համերաշխութիւն»-ը ամբողջութեամբ չխախտի , ժողովրդային ըմբոստացումը չհասնի եւրոգօտին պայթեցնելու-կազմաքանդելու աստիճանին: Քանի որ նման հաւանականութիւն մը պիտի խանգարէ կայսերական իր ծրագիրը: Արդէն վեց երկիրներ յայտնած են իրենց ենթակայութիւնը:
Զարմանալի է, որ անոնք` տկար օղակները, խոստացուած օգնութեան դիմաց, մէկը միւսին գերազանցելու ջանասիրութեամբ, իրենց պարտադրուած պետական ծախսերը անհամեմատ կը կրճատեն, ընկերային ծառայութիւնները սեղմումներու կ’ենթարկեն, ահաւոր տուրքեր կը հաստատեն, աշխատավարձերը մեծ չափերով կը զեղչեն եւ համատարած գործազրկութեան կը դատապարտեն երկիրը: Մինչդեռ կ’ակնկալուէր, որ ճգնաժամը թելադրէր այդ երկիրներու ղեկավարներուն, որ իրարու զօրակցին, մէկ ճակատ կազմեն եւ եւրոգօտին պայթեցնելու սպառնալիքով իրենց տկարութիւնը ուժի վերածեն…:
Բացառուած չէ նաեւ, որ այդ ղեկավարներէն շատեր խնդրարկու եւ պատանդ դարձած ըլլան իրենց անխոստովանելի հաւանական չարաշահումներուն ու գործած մեղքերուն համար…:
Յամենայն դէպս.
Զինապաշտ Գերմանիան զինուորական ուժով չյաջողեցաւ գրաւել Եւրոպան, մինչ արդի Գերմանիան իր ճարտարարուեստի գերհզօրութեան, վաճառականութեան եւ դրամական-պիւտճէական կարգապահութեան շնորհիւ կը թուի թէ պիտի տիրէ Եւրոպային:
Չորրորդ ՌԱյխը, եւրոյի շապիկով, Եւրոպային դռներուն առջեւն է արդէն:
- 0 Comments
- 49 views
- Tweet
Email
Print



