Աշուղական Երգի, Ծաղկաշինութեան, Տուտուկի Եւ Ասմունքի Նոր Խումբերու Ստեղծումով. Մեսրոպեան Վարժարանի Մարզամշակութային Խումբերու Ուսուցիչներու Ժողով
By adminx - Wed Oct 17, 5:35 am
- 0 Comments
- 37 views
- Tweet
Email
Print
Երեքշաբթի, 9 հոկտեմբեր 2012-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, տեղի ունեցաւ Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի մարզամշակութային խումբերու ուսուցիչներու անդրանիկ ժողովը: Այս տարեշրջանին պիտի գործեն հետեւեալ խումբերը` պարախումբ (փոքրեր` Սարին Պողչալեան, մեծեր` Սարին Արթինեան), թատերախումբ (Վազգէն Մուղալեան), աշուղական երգ (Գարմեն Աճեմեան), լուսանկարչութիւն (Րաֆֆի Պէրպէրեան), գեղանկարչութիւն (Գէորգ Ուլաշեան), ծաղկաշինութիւն (Աշոտ Թազեան), ասմունք (Յասմիկ Պերթիզլեան), տուտուկ (Յակոբ Գելուկեան), ֆութպոլ եւ պասքեթպոլ (Գօգօ Մեսճեան եւ Վիգէն Աւետիքեան), քոնկ ֆու (Յարութ Ադամեան), ճատրակ (Էլի Հուլիշեան) եւ փինկ փոնկ (Նոէլ Քէշիշեան):
Ժողովին առաջին խօսքը արտասանեց Մեսրոպեան վարժարանի տնօրէն Կրէկուար Գալուստ, որ շեշտեց, թէ վարժարանին մէջ կրթական ծրագիրին կողքին արտադասարանային աշխատանքները ունին մեծ կարեւորութիւն, եւ այս գծով ուսուցիչները առաւելագոյն բծախնդրութեամբ պէտք է կատարեն իրենց վստահուած աշխատանքները: Կ. Գալուստ յոյս յայտնեց, որ խումբերը կ՛ունենան բեղուն եւ օգտաշատ գործունէութիւն, որ կ՛եզրափակուի տարեշրջանի աւարտին կայանալիք որակաւոր հանդէսներով եւ մրցանակներով:
Ապա խօսք առաւ Մեսրոպեան վարժարանի արտադասարանային աշխատանքներու եւ մարզամշակութային խումբերու ընդհանուր պատասխանատու Րաֆֆի Տեմիրճեան, որ ներկայացուց ընդհանուր ծրագիրը, աշխատանքներուն հոլովոյթը եւ կազմակերպական կառոյցը: Տեմիրճեան նշեց, որ կարգ մը խումբեր արդէն ամրան արձակուրդին սկսած են իրենց գործունէութեան, ինչ որ դրական եւ քաջալերական ցուցանիշ է: Կարգ մը ձեռնարկներու մասին տեղեկութիւններ փոխանցելէ ետք, ան հաստատեց, որ մշակութային խումբերը արուեստին ընդմէջէն կը միտին աշակերտութեան ծանօթացնել հայութեան ազգային ժառանգութիւնը:
Յայտնենք, որ 13 խումբերը (իրենց ենթաբաժանումներով) պիտի սկսին իրենց աշխատանքներուն շաբաթ, 13 հոկտեմբեր 2012-ին:
ՏՆՕՐԷՆՈՒԹԻՒՆ
- 0 Comments
- 37 views
- Tweet
Email
Print



