Tuesday May 21, 2013

Մեսրոպեան Արուեստից Վարժարանը Լիբանանի Լաւագոյն Արուեստից Վարժարաններէն Մէկը

By adminx - Wed Oct 17, 5:34 am

Լիբանանի կրթութեան նախարարութեան վիճակագրական տուեալներուն հիման վրայ, արուեստիցի TS բաժինին մէջ Մեսրոպեան արուեստից վարժարանը Լիբանանի մէջ կը կրէ 6-րդ դիրքը, իսկ BT բաժինը` 7-րդ դիրքը:

Այս արդիւնքները ցուցանիշ են Մեսրոպեան արուեստից վարժարանին կազմակերպուած, ծրագրուած ու որակաւոր գործունէութեան, եւ նշեալ յաջողութեան գլխաւոր կերտիչները արուեստիցի ուսուցիչներն են, որոնք նուիրումով եւ արդի մանկավարժական բարձրորակ մօտեցումներով կը կատարեն իրենց վստահուած պարտականութիւնը:

Յայտնենք, որ ուրբաթ, 5 հոկտեմբեր 2012-ին, տեղի ունեցաւ Մեսրոպեան արուեստից վարժարանի ուսուցիչներու եւ կրթական պատասխանատուներու ընդհանուր ժողովը, որուն ընթացքին Մեսրոպեան բարձրագոյն եւ արուեստից վարժարանի տնօրէն Կրեկուար Գալուստ յայտնեց, թէ արուեստիցի պետական քննութիւններու արդիւնքներն ու լիբանանեան առումով բարձրագոյն դիրքերուն վրայ գտնուիլը վարժարանին կու տայ յաւելեալ պատասխանատուութիւն` աւելի մեծ թափով շարունակելու առաքելութիւնը:

Ապա Մեսրոպեանին տնօրէնը ներկայացուց նոր տարեշրջանի ծրագիրներն ու վարժարանին օրէնքները: Իր կարգին, արուեստից վարժարանի պատասխանատու Սերժ Հաննա Այվազեան ուսուցիչներուն փոխանցեց յառաջիկայ տարեշրջանին հետ առնչուած շարք մը տեղեկութիւններ:

ՏԵՂԵԿԱՏՈՒԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ
ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՄԵՍՐՈՊԵԱՆ ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ

Leave a Reply

Advertisement