50 Տարի Առաջ ( 17 Հոկտեմբեր 1962 )
By adminx - Wed Oct 17, 5:31 am
- 0 Comments
- 31 views
- Tweet
Email
Print
Վերամուտի Առթիւ
Լիբանան, Միջերկրականի արեւելեան ափին, Մերձաւոր Արեւելքի ամէնէն գեղեցիկ եւ զարգացած երկիրն է:
Յատկապէս վերջին տասը տարիներու ընթացքին, պետական թէ անհատական գեղեցկաշէն կառուցումներով, հիմնական փոփոխութիւններու ենթարկուեցաւ:
Շինարարական այս յարաճուն աշխատանքներու կողքին, գնահատելի նուաճումներ կատարուեցան նաեւ մշակոյթի բոլոր մարզերուն մէջ:
Ամերիկեան եւ ֆրանսական իր երկու նշանաւոր համալսարաններով, բազմաթիւ քոլեճներով եւ բազմահարիւր նախակրթարաններով նախանձելի դիրք մը կը գրաւէ ամբողջ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ:
Պետական, համայնքային եւ անհատական կրթարաններու հոգատարները, ուսումնական մակարդակի բարձրացման զուգահեռ, ոչ մէկ ջանք կը խնայեն արդիական հանգստաւէտ պայմաններով կատարելագործելու իրենց հաստատութիւններու, նորակերտ յարմարութիւններով:
Հակառակ անոր որ ուսումը պարտադիր եւ ձրի չէ Լիբանանի մէջ, լիբանանցին ուսումնատենչ ու ընթերցասէր ժողովուրդ է:
Ուսումնական լայն ազատութիւն կայ Լիբանանի մէջ: Ու հոկտեմբեր ամիսը, երկրին ամբողջ հողամասին վրայ, մանաւանդ` Պէյրութի մէջ, մասնաւոր շարժում ու փայլ կը ստանայ:
Արտակարգ եռուզեռ կը ստեղծուի դպրոցներու եւ գրախանութներու առջեւ:
Դպրոցներ, իրենց նախապատրաստական աշխատանքները աւարտած` դռները լայն կը բանան արձանագրելու եւ ընդունելու իրենց աշակերտները:
Հրապարակի վրայ իշխողը ծնողներն ու ուսանողներն են: Թէեւ խօսակցական տիրապետող լեզուն արաբերէնն է, սակայն կը հանդիպինք նաեւ բազմաթիւ հայերէն, ֆրանսերէն եւ անգլերէն խօսողներու:
Առաջին խճողումները կամաց-կամաց կը կանոնաւորուին եւ աշակերտները շնորհալի տեսք կը ստանան իրենց դպրոցական տարազներով:
Ու ազատ Լիբանանի հանրապետական վարչակարգին տակ կրթական բոլոր հաստատութիւնները, համայնքային թէ անհատական, առանց կաշկանդումի եւ լայն ազատութեամբ, կը սկսին աշխատանքի` գործադրելով իրենց ուսումնական ծրագիրները, համապատասխան պետական քննութեանց:
***
Վերամուտ է նաեւ հայ կրթարաններու համար:
Վերամուտ է, մանկապարտէզէն մինչեւ բարձրագոյն քոլեճ, յարանուանական բոլոր հոսանքներու պատկանող մէկէ աւելի, երբեմն բազմաթիւ հայ կրթարաններու:
Տասնեակ հազարաւոր հայորդիներ, իրենց ամառնային հանգիստէն կազդուրուած, կենսուրախ շարքերով կը դիմեն լոյսի եւ գիտութեան կրթական մեր հաստատութիւնները` բանալու իրենց հոգիին ու մտքին հորիզոնները:
Ու մեր դպրոցները աննախընթաց վերելքի մէջ են:
Իսկ մեր դպրոցներու մակարդակը վկայող լաւագոյն փաստը արձանագրուած այն փայլուն յաջողութիւնները եղան, որ մեր աշակերտները ձեռք բերին անցեալ տարեշրջանին պետական քննութեանց մէջ սերթիֆիքայէն մինչեւ պաքալորէա: Թերթերը օրերով արձագանգ հանդիսացան այս յաջողութիւններուն:
Մեր ծնողները այլեւս պատճառ չունին դժգոհելու:
Մեր հաստատութիւններուն մէջ դասերը կ՛աւանդուին պետական ծրագրով ու պաշտօնական բոլոր քննութեանց ծրագրով, ֆրանսական թէ ամերիկեան:
Տակաւին, հայ դպրոցը մատչելի կրթաթոշակով, հայեցի դաստիարակութեամբ, բարոյական անմրցելի կեցուածքով ու բծախնդրութեամբ, անբաղդատելի է:
Կայ աւելի՛ն. իր կոչումին գիտակից, բարոյական սկզբունքներու տէր հայ ուսուցիչը պարզ պաշտօնեայ չէ դպրոցին մէջ: Իր ամբողջ հոգիով ու ապրումով նուիրուած է մեր ապագայ յոյսին` նոր սերունդի դաստիարակութեան:
Մեր ազգային գոյատեւման նախանձախնդիր, հայու արիւնը իր երակներուն մէջ զգացող ամէն մէկ ծնողք, իր զաւկին իմացական կարողութեան զարգացման հետ, անոր հոգեկան դաստիարակութեան, նկարագրի կերտումին պահանջովը բծախնդիր, անվարան առաջնորդելու է իր զաւակը դէպի ազգային դպրոց:
Ուսումնական ու դաստիարակչական յաջող տարի մը բոլորելու հաւատքով, մեր դպրոցները սկսած են իրենց աշխատանքներուն:
Փոխադարձաբար, ծնողներ, գիտակից իրենց պարտականութեան, կրթական եւ դաստիարակչական գործի կանոնաւոր ընթացքի յաջողութեան, ոչ մէկ զոհողութիւն խնայելու են` դիւրացնելով օգտակար ըլլալով, ամէն գուրգուրանքի առարկայ ազատ պայմաններու տակ հայապահպանման սատարող մեր կրթական հաստատութիւններու գործունէութեանը:
ՀՐԱԶԴԱՆ
Վազգէն Ա. Կաթողիկոս
Վկայական Կը Ստանայ
Խորհրդային ԹԱՍՍ գործակալութիւնը կը հաղորդէ Երեւանէն, թէ Խաղաղութեան խորհրդային կոմիտէն պատուոյ վկայական յանձնած է Ամենայն հայոց կաթողիկոսին` ի գնահատութիւն Վազգէն Ա.ի տարած աշխատանքներուն` համաշխարհային խաղաղութեան եւ ամբողջական ապաքինման ի նպաստ:
Նոյն վկայականներուն արժանացած են նաեւ բեմագիր Վարդան Աճեմեան, երգահան Էտկար Յովհաննիսեան, բանաստեղծ Գէորգ Էմին, արուեստի պատմագիր Ռուբէն Պարսամեան եւ այլ անձնաւորութիւններ:
«Ոսկէ Աշուն»-ի Տօնը
Հայաստանի Մէջ
Տարիներէ ի վեր, աշնան այս օրերուն, մեծ փայլով եւ բազմահազար հանդիսականներու ներկայութեան տեղի կ՛ունենան մարզական եւ գեղարուեստական հանդիսութիւններ` «Ոսկէ աշուն» անուան տակ:
Սեպտեմբեր 29-ին Երեւան մարզադաշտին մէջ տեղի ունեցած են` տողանցք, մարզական խաղեր, պարեր եւ երգեր: Յայտագրին իրենց մասնակցութիւնը բերած են օտար երկիրներու արուեստագէտներ եւ խումբեր: Կարեւոր տեղ գրաւած է ռուսական բաժինը:
Այս տարուան «Ոսկէ աշուն»-ին հանդիսութիւնը նուիրուած էր Պորոտինոյի նափոլէոնեան պատերազմին:
- 0 Comments
- 31 views
- Tweet
Email
Print



