Ակնարկ. Համաձայնեցուած Էջք՝ Պարտադիրի Տեսքով
By adminx - Wed Oct 17, 7:55 am
- 0 Comments
- 371 views
- Tweet
Email
Print
Երեւանէն Հալէպ մեկնող հայկական բեռնատար օդանաւին Էրզրումի օդակայան վայրէջք կատարելը, կասկածէ վեր է, որ քաղաքականացուած պրիսմակներու տակ պիտի դիտարկուէր։ Այդպէս ալ եղաւ անշուշտ. օդանաւը հազիւ վայրէջք կատարած՝ թրքական զանգուածային լրատուամիջոցները, որոնց զուգահեռ եւ համընթաց նաեւ միջազգային լրատուադաշտը, ողողեցին լրատու գործակալութիւններու տարածքներու բոլոր տարբերակները՝ էջքին պարտադիր եւ յանկարծակի բնոյթին մասին լուրերով։ Ժամանակի ոչ ուշ կտրուածքով հայկական կողմը պարզաբանեց, որ վայրէջքը ոչ միայն պարտադիր չէր, այլ նախապէս համաձայնեցուած էր երկու կողմերուն միջեւ։ Աւելի՛ն. քանի մը շաբաթէ ի վեր հայկական կողմը թղթատարական աշխատանքը կ՛ամբողջացնէր թրքական տրամադրելի օդակայան էջք կատարելու՝ համապատասխան ստուգումներու ենթարկուելէ ետք դէպի Հալէպ ուղեւորութիւնը շարունակելու համար։
Պարզ է, որ թրքական կողմը ի սկզբանէ եւ պաշտօնապէս իր համաձայնութիւնը տուած էր հայկական օդանաւի կարճատեւ կանգառին, իմանալէ ետք, որ բեռնատար օդանաւը կը կրէր բացառապէս մարդասիրական բնոյթի օժանդակութիւն՝ սննդամթերք։
Թուրքիոյ օդային տարածքը կտրող եւ Ռուսիա-Սուրիա ճանապարհը իրականացնող ճամբորդատար օդանաւի հարկադիր վայրէջքէն ետք, Անգարան կը նախընտրէր կանխաւ չիմացնել իր պաշտօնական եւ ոչ-պաշտօնական լրատուամիջոցները հայկական կողմին հետ կայացած համաձայնութեան մասին։ Այս կը նշանակէր պարզապէս, որ վայրէջքէն անմիջապէս ետք թրքական եւ միջազջային լրատուադաշտը պիտի յորդէր վայրէջքի բնոյթին մասին հսկայածաւալ ապատեղեկատուութեամբ՝ դէպի Սուրիա ուղեւորուող ահաւասիկ երկրորդ օդանաւն էր, որ յար եւ նման Ռուսիա-Սուրիա թռչող օդանաւին, թրքական կործանիչներու ճնշումին տակ կը պարտաւորուէր էջք կատարել։
Սուրիոյ նկատմամբ պատերազմական նախաշեմի կարգավիճակ ցուցադրող Անգարան պատահարները կը տեղադրէր նման ցուցադրութիւն աշխարհին փոխանցելու իր քաղաքականութեան շրջածիրին մէջ։ Սահմանագիծին թրքական ուժերու կուտակում, պատերազմ սկսելու յանկերգի անընդմէջ կրկնում, պատերազմի նախապատրաստութեան մէջ ՕԹԱՆ-ը ներքաշելու փորձեր եւ նմանատիպ երեւոյթներ կը վկայեն այդ փաստին մասին։
Լրատուամիջոցները այս մասին չիմացնելուն կը հետեւէր նաեւ յառաջացած լրատուական մառախուղը չփարատելու կամ հրապարակուած լուրերն ու մեկնաբանութիւնները չհերքելու Անգարայի քարոզչամեքենայի քաղաքականութիւնը։ Թրքական լրատուամիջոցները պէտք է շարունակէին զուգահեռնել գծել Մոսկուա-Դամասկոս եւ Երեւան-Հալէպ թռիչքներուն եւ մանաւանդ անոնց վայրէջքի գործողութիւններուն միջեւ։ Յստակ էր, որ առաջինը յանկարծակի էր, կործանիչներու ճնշումին տակ, մինչ երկրորդը նախապէս համաձայնեցուած կանգառ էր։
Բայց թրքական խաղը չէր դիմացած զուտ լրատուական ապատեղեկատուութեան սահմաններէն դուրս չգալու փորձութեան։ Թուրքիոյ վարչապետը ի՛նք մատնած էր իր պետութեան կիրարկած կրկնակի խաղը։
Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանը յայտարարած էր, որ Սուրիոյ համար մարդասիրական օգնութիւն տեղափոխող հայկական օդանաւը պարտադիր էջք կատարած է Էրզրումի օդակայան՝ արձանագրուած խախտումներու պատճառով։
«Վայրէջքը իրականացուած է շարք մը խախտումներու պատճառով, սակայն քննութիւններէ ետք օդանաւը մեկնած է , քանի որ հետևանքներ յառաջացնող որևէ խնդիր չէ յայտնաբերուած», յայտարարած է Էրտողան։
Թուրքիոյ վարչապետը այնպէս ալ չի նշեր, թէ ի՞նչ են այն խախտումները, զորս արձանագրած է հայկական օդանաւը։ Այստեղ բայց, բեմագրութիւնը բոլորովին այլ է։ Թռիչքը, որովհետեւ անորոշ խախտումներ արձանագրած է, պարտադիր էջք կատարած է։
Տրամաբանութիւնը երկու տարբերակ կը յուշէ։Երրորդը բացառուած է։Կա՛մ այն է, որ թրքական համապատասխան ծառայութիւնները տեղեակ չեն պահած իրենց վարչապետը, որ հայկական կողմին հետ պայմանաւորուած են եւ համաձայնած՝ նախատեսելի էջքին մասին, կա՛մ ալ՝ վարչապետը տեղեակ ըլլալով հանդերձ կը շրջէ իրողութիւնը։ Չզբաղինք առաջին վարկածի անհեթեթութեամբ եւ վերահամոզուինք, որ թրքական ցուցադրականութեան լրիւ ծառայեցնելու փորձ է կատարուածը պարզապէս։ Էրտողանի յայտարարութիւնը անմիջապէս նախքան Պաքու մեկնիլով բացատրութիւնը մեծ կարեւորութիւն չունի այստեղ։
Այսօրուան պատկերը այն է, որ Եւրոպական Միութիւնը իր օդային տարածքը կը փակէ դէպի Սուրիա իրականացուող բոլոր տեսակի թռիչքներուն առջեւ, մինչ Թուրքիան պարտադիր եւ համաձայնեցուած էջքեր կատարել կու տայ։ Համաձայնեցուածին ալ պարտադիրի բնոյթ ցուցադրելով։
«Ա.»
- 0 Comments
- 371 views
- Tweet
Email
Print



