Monday May 20, 2013

Ըստ Նախապէս Գոյացած Համաձայնութեան Հալէպ Մարդասիրական Օժանդակութիւն Փոխադրող Հայկական Օդանաւը Էջք Կատարեց Նաեւ Էրզրումի Մէջ

By adminx - Tue Oct 16, 7:43 am

Սուրիահայութեան մարդասիրական օժանդակութեան «Օգնի՛ր եղբօրդ» նախաձեռնութեան ծիրին մէջ «Էր Արմենիա» հայկական ընկերութեան պատկանող օդանաւը երէկ Երեւանի ժամանակացոյցով ժամը 11:15-ին թռիչք առաւ դէպի Հալէպ: Անոր բեռը կը կազմէր 14 թոն` սննդեղէնի 14 հազար տուփ, որոնցմէ իւրաքանչիւրը կը կշռէ 10 քիլոկրամ: Սննդամթերքը երեք շաբաթէ ի վեր կը հաւաքուէր ՀՄԸՄ-ի Երեւանի գրասենեակին եւ ՀՅԴ «Արամ Մանուկեան» երիտասարդական կեդրոնին մէջ:

Հակառակ անոր որ թրքական կողմը նախապէս յայտարարած էր, որ իր օդային տարածքը կը փակէ դէպի Սուրիա թռիչք կատարող օդանաւերուն համար, հայկական կողմը երկարատեւ բանակցութիւններէ ետք, վերջապէս բոլոր իրաւական հարցերը կարգաւորեց եւ օդանաւը թռիչք առաւ այն պայմանաւ, որ Էրզրում կարճատեւ էջք մը կատարէ խուզարկութեան համար:

Միջազգային լրատուամիջոցներ, ներառեալ` թրքականները անմիջապէս անդրադարձան դէպքին, սակայն անոնց մեծ մասը նշեց, որ օդանաւին Էրզրում էջքը պարտադրաբար կատարուած է թրքական կործանիչներու ճնշումին տակ` ճիշդ ինչպէս եղած էր Անգարայի մէջ էջք կատարած Մոսկուա-Դամասկոս թռիչք կատարող սուրիական օդանաւին պարագային:

ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Հայաստանի Ազգային ժողովի պատգամաւոր, «Օգնի՛ր երբօրդ» նախաձեռնութեան համակարգող Վահան Յովհաննիսեան հաստատեց, որ Հալէպ ուղարկուած օգնութիւնը կը խուզարկուի, սակայն նշեց, որ որեւէ մէկը հայկական օդանաւը պարտադիր էջք կատարել չէ ստիպած: «Սկիզբը համաձայնութիւն գոյացած էր, որ օդանաւը խուզարկուի Այնթապի օդակայանին մէջ, աւելի ուշ որոշուեցաւ Էրզրումի օդակայանին մէջ էջք կատարել: Արտառոց ոչինչ կայ», ըսաւ ան:

«Էր Արմենիա» ընկերութեան տնօրէն Արսէն Աւետիսեան իր կարգին յայտնեց, որ դէպի Հալէպ թռիչք կատարող օդանաւի Էրզրում էջքն ու բեռի խուզարկումը ծրագրուած էր: Ան ընդգծեց, որ թրքական լրատուամիջոցներուն տարածած լուրը, թէ օդանաւը պարտադիր էջք կատարած է, գրգռիչ բնոյթ ունի եւ իրականութեան հետ ոչ մէկ կապ ունի:

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Տիգրան Բալայեան իր կարգին յայտնեց, որ Սուրիա մարդասիրական օժանդակութիւն փոխադրող օդանաւին Թուրքիա էջք կատարելուն շուրջ թրքական կողմին հետ նախապէս համաձայնութիւն գոյացած էր:

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ ծառայութիւնը իր կարգին տարածեց հետեւեալ բացատրութիւնը. «Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը տեղեկացած էր, որ Երեւան-Հալէպ թռիչք կատարող օդանաւը երկրին տարածքով թռչելու թոյլտուութիւն ունեցած է: Հայկական կողմն ալ տեղեակ եղած է օդանաւի էջքի եւ զննութեան մասին: Թրքական օդային տարածք մուտք գործելէ ետք հայկական օդանաւը, ըստ նախնական համաձայնութեան, էջք կատարած է Էրզրումի օդակայան: Եթէ բեռի խուզարկութեան ընթացքին որեւէ կասկածելի բեռ չյայտնաբերուի, անիկա պիտի շարունակէ թռիչքը դէպի Հալէպ»:

Աւելի ուշ, Թուրքիոյ փոխվարչապետ Պիւլենթ Արընչ յայտարարեց, որ օդանաւի բեռը Էրզրումի մէջ խուզարկուած է եւ անոր մէջ միայն մարդասիրական բեռ եղած է, ուստի օդանաւը իր թռիչքը շարունակելու իրաւունք ստացած է:

Մարդասիրական բեռներ փոխադրող հայկական օդանաւը Հալէպ հասաւ Երեւանի ժամանակացոյցով ժամը 20:30-ին: Հալէպի մէջ բեռները պարպելէ ետք անիկա վերադարձաւ Երեւան:

 

 

Leave a Reply

Advertisement