Ֆրանսախօս Երկիրներու Վեհաժողովը Ղարաբաղեան Հիմնախնդիրի Խաղաղ Լուծման Աջակցութիւն Յայտնած Է
By adminx - Tue Oct 16, 7:42 am
- 0 Comments
- 96 views
- Tweet
Email
Print
Քինշասայի մէջ ընթացող Ֆրանսախօս երկիրներու միջազգային կազմակերպութեան վեհաժողովին` միջազգային իրադրութեան նուիրուած քննարկումներու ծիրին մէջ 13 հոկտեմբերին ելոյթ ունեցաւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալպանտեան:
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը իր խօսքին մէջ յատուկ անդրադարձ կատարած է Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին: Ան ընդգծած է, որ միջազգային հանրութեան դիրքորոշումը հիմնահարցին բացառապէս խաղաղ ճանապարհով հանգուցալուծման վերաբերեալ, որ համահունչ է Հայաստանի մօտեցումին, բազմիցս արտայայտած են լուծման հոլովոյթին ընթացքին միջազգային հանրութեան կողմէ միջնորդութեան իրաւագիր ունեցող ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահ երկիրներու` Ֆրանսայի, Ռուսիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահները: Այդ դիրքորոշման գլխաւոր մօտեցումները առաջարկուած են ընդգրկելու Ֆրանսախօս երկիրներու վեհաժողովի եզրափակիչ բանաձեւին մէջ: Ցաւօք, Ազրպէյճան կը շարունակէ հակադրուիլ միջազգային հանրութեան եւ մերժել միջնորդներուն կողմէ հիմնախնդիրի լուծման ուղղուած առաջարկները:
14 հոկտեմբերին գագաթնաժողովը ընդունեց Ճգնաժամային իրավիճակներու հանգուցալուծման եւ խաղաղութեան ամրապնդման վերաբերեալ եզրափակիչ բանաձեւը, ուր ամրագրուեցաւ Ֆրանսախօս երկիրներու միջազգային կազմակերպութեան անդամ պետութիւններու լիակատար աջակցութիւնը ղարաբաղեան տագնապի ուղղութեամբ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներու կողմէ գործադրուող ջանքերուն:
«Կոչ կ՛ուղղենք հակամարտութեան բոլոր կողմերուն` զերծ մնալու ուժի եւ ուժի սպառնալիքի կիրարկումէն, որ կրնայ վտանգել լուծման խաղաղ հոլովոյթը, շարունակել բանակցութիւնները Մինսքի խմբակի համանախագահներու միասնական եւ անբաժան հենք հանդիսացող առաջարկներու հիման վրայ` մասնաւորապէս ուժի եւ ուժի սպառնալիքի չկիրարկման, տարածքային ամբողջականութեան եւ ժողովուրդներու իրաւահաւասարութեան եւ ինքնորոշման իրաւունքի սկզբունքներու հիման վրայ», կ’ըսուի վեհաժողովի եզրափակիչ բանաձեւին մէջ:
Հայաստանը Դարձաւ Կազմակերպութեան
Լիիրաւ Անդամ
Քինշասայի մէջ 13-14 հոկտեմբեր Ֆրանսախօս երկիրներու միջազգային կազմակերպութեան վեհաժողովը, որուն կը մասնակցէին կազմակերպութեան 77 անդամ, ընկերակցուած եւ դէտ երկիրներու բարձրաստիճան պատուիրակութիւնները` պետութիւններու եւ կառավարութիւններու ղեկավարներու, արտաքին գործոց նախարարներու ղեկավարութեամբ: Հայաստանը վեհաժողովին կը ներկայացնէր արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան:
Վեհաժողովին նախորդած էր Ֆրանսախօս երկիրներու միջազգային կազմակերպութեան արտաքին գործոց նախարարներու խորհուրդը, որ 11 հոկտեմբերին միաձայն որոշում ընդունած էր Հայաստանի անդամակցութեան առաջարկը վեհաժողովի հաստատման ներկայացնելուն վերաբերեալ:
13 հոկտեմբերին Ֆրանսախօս երկիրներու վեհաժողովը որոշում կայացուցած է Հայաստանի Հանրապետութիւնը իբրեւ կազմակերպութեան լիիրաւ անդամ ընդունելու մասին:
- 0 Comments
- 96 views
- Tweet
Email
Print



