Thursday Jun 20, 2013

Համաշխարհային Հայկական Քոնկրեսը Պիտի Սատարէ Նախագահ Սարգսեանի Թեկնածութեան

By adminx - Tue Oct 16, 7:40 am

Համաշխարհային հայկական քոնկրեսը յառաջիկայ նախագահական ընտրութիւններուն պիտի պաշտպանէ Սերժ Սարգսեանի թեկնածութիւնը:

Ռուսիոյ հայերու միութեան եւ Համաշխարհային հայկական քոնկրեսի նախագահ Արա Աբրահամեան յայտնեց, որ Հայաստանի գործող նախագահին սատարելու մասին որոշումը ընդունուեցաւ նախանցեալ օր` քոնկրեսի խորհուրդի նիստին ընթացքին:

Աբրահամեան նշեց, որ ատիկա խորհուրդի որոշումն է: Ան աւելցուց, որ առայժմ իրենք այլ թեկնածու չունին:

Աբրահամեան յայտնեց, որ Սերժ Սարգսեանի թեկնածութիւնը պաշտպանելու շատ պատճառներ կան. օրինակ, ան խոստացաւ եւ ստեղծեց սփիւռքի նախարարութիւնը:

«Այսօր Ցեղասպանութեան առումով, ղարաբաղեան խնդիրի լուծման ուղղութեամբ կատարուած աշխատանքներուն համար Սերժ Սարգսեանին բարձր գնահատական պէտք է տրուի: Իբրեւ սփիւռքի ներկայացուցիչ ես շատ լաւ գիտեմ, թէ ի՛նչ մակարդակի բարձրացուց», յայտնեց ան:

Երեւանի մէջ երէկ տեղի ունեցաւ Համաշխարհային հայկական քոնկրեսի 2-րդ համագումարը:

Ողջունելով համագումարի մասնակիցները` նախագահ Սերժ Սարգսեան ըսաւ, որ աշխարհի բազմաթիւ ժողովուրդներու ներկայացուցիչները կ՛ապրին իրենց հայրենիքէն դուրս, բայց հայերու պարագային այդ իրավիճակը ազատ ընտրութեան եւ աւելի լաւ կեանք փնտռելու պատճառով չէ ստեղծուած: Հայերը այլ երկիրներուն մէջ յայտնուած են Ցեղասպանութեան եւ հայրենազրկման իբրեւ արդիւնք: «Կը մօտենայ Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցը: Մեր ժողովուրդին դէմ կատարուած ոճիրը տակաւին պիտի ստանայ իր արժանի գնահատականը: Մենք պաշտպանեցինք Արցախը մեզի պարտադրուած պատերազմին մէջ: Այժմ ժամանակը հաստատած է արդարութիւնը դիւանագիտութեան դաշտին մէջ: Այստեղ եւս մենք կ՛աշխատինք ձեռք-ձեռքի տուած», ընդգծեց նախագահ Սարգսեան:

 

 

 

 

Leave a Reply

Advertisement