Նախագահ Սլէյման. «Համաշխարհային Տնտեսական Տագնապը Բացայայտած Է Երկրագործութեան Եւ Ճարտարարուեստին Վրայ Հիմնուելու Անհրաժեշտութիւնը»
By adminx - Tue Oct 16, 7:35 am
- 0 Comments
- 9 views
- Tweet
Email
Print
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ կէսօրէ առաջ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի մէջ ներկայ գտնուեցաւ Սնունդի միջազգային օրուան առիթով տեղի ունեցած ձեռնարկին, որ կազմակերպուած էր երկրագործութեան նախարարութեան կողմէ` գործակցութեամբ ՖԱՕ-ի:
Ձեռնարկին ներկայ գտնուեցան նաեւ փոխվարչապետ Սամիր Մուքպել, նախարարներ Հիւսէյն Հաժ Հասան, Ուալիտ Տաուք, Փանոս Մանճեան, նախկին երեսփոխան Նէյլա Մուաուատ, Մարոնի պատրիարքութեան ընդհանուր փոխանորդ Սամիր Մազլում եպիսկոպոս, Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն զօր. Ապպաս Իպրահիմ, Լիբանանի մէջ ՖԱՕ-ի ներկայացուցիչ Ալի Մումեն եւ Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Տերեք Փլամպլի:
Նախագահ Սլէյման իր արտասանած խօսքին մէջ շեշտեց, որ ջուրին եւ օդին կողքին, սնունդը իւրաքանչիւր մարդ անհատի իրաւունքն է, ինչպէս նաեւ հիմնական կարիքը` ապրելու:
Ան նշեց, որ համաշխարհային տնտեսական տագնապը փաստած է, որ երկրի մը տնտեսութիւնը պէտք է հիմնուի անոր արդիւնաբերութեան վրայ, այսինքն` խօսքը կը վերաբերի երկրագործութեան եւ ճարտարարուեստի մարզերուն:
Նախագահ Սլէյման շեշտեց, որ պետութիւններուն պատասխանատուութիւններուն մէջ առաջնահերթ տեղ կը գրաւէ սնունդի ապահովումը, երկրագործութեան մարզի արդիւնաբերութեան աշխուժացումը, ինչպէս նաեւ պատերազմին եւ զինեալ տագնապներուն վերջ տալու կարեւորութիւնը` զարգացնելով խաղաղութեան մշակոյթը եւ ՄԱԿ-ի ուխտն ու միջազգային բանաձեւերը յարգելու յանձնառութիւնը:
Այս շրջագիծին մէջ նախագահ Սլէյման հաստատեց, որ անհրաժեշտ է նաեւ պարտադրել, որ Իսրայէլ ենթարկուի միջազգային այս օրէնքներուն եւ վերջ տայ իր բռնարարքներուն ու բռնագրաւումին: Ան ընդգծեց, որ Իսրայէլ ամէնօրեայ դրութեամբ հազարաւոր հեկտարներու տարածութեամբ արտեր կը փճացնէ եւ ծառեր արմատախիլ կ՛ընէ, ինչպէս նաեւ դաշտեր կը հրկիզէ եւ հազարաւոր երկրագործներու արտագաղթը կը պատճառէ:
«Արդեօք հարաւային Լիբանանի մէջ տարանջատուող ռումբերու եւ ականուած դաշտերու առկայութեան իրականութիւնը բռնագրաւումի ձեւ մը չէ՞», հարց տուաւ նախագահ Սլէյման:
Այս ծիրին մէջ, հանրապետութեան նախագահը կոչ ուղղեց չանտեսելու երկրագործութեան մարզը, որ Լիբանանին սնունդ կը հայթայթէ, ինչպէս նաեւ քաղաքացին կը կապէ իր հողին եւ աւանդներուն:
Միւս կողմէ, նախագահ Սլէյման Պաապտայի մէջ ընդունեց ներքին գործոց նախարար Մարուան Շարպելը, որուն հետ քննարկեց երկրին ապահովական իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ Ռումիէի բանտին զարգացումները եւ կացութիւնը հակակշիռի տակ առնելու նպատակով տրուած որոշումները:
Այս շրջագիծին մէջ, նախագահ Սլէյման ընդունեց նաեւ դատախազ Սամիր Համմուտը, որուն հետ քննարկեց Ռումիէի բանտէն փախուստ տուած բանտարկեալներուն թղթածրարին առնչուող մանրամասնութիւններ:
Նախագահ Սլէյմանի այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ Եգիպտոսի դեսպան Մոհամետ Սաատը, որ հանրապետութեան նախագահին հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ արաբական աշխարհի ընդհանուր կացութիւնը:
- 0 Comments
- 9 views
- Tweet
Email
Print





