Wednesday Jun 19, 2013

Պըրրի Ընդունեց Պեքաայի Եւ Պաալպեք – Հերմելի Հեղինակութիւնները

By adminx - Tue Oct 16, 7:34 am

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց Պեքաայի եւ Պաալպեք-Հերմելի աշիրեթներու պետերը, շրջանին քաղաքապետերը, թաղապետերը, ինչպէս նաեւ երկրագործութեան նախարար Հիւսէյն Հաժ Հասանը, երեսփոխաններ Ղազի Զաայթերը, Ասեմ Քանսոն, Հիւսէյն Մուսաուին, Ալի Մըքտատը, Էմիլ Ռահմէն, Քամել Ռիֆային, Ուալիտ Սըքքարիէն, Մարուան Ֆարեսը, միւֆթիներ Խալետ Սոլհը եւ Խալիլ Շքէյրը, ինչպէս նաեւ Պեքաայի առաջնորդներ Սըմաան Աթալլան եւ Էլիաս Ռահհալը, որոնց ի պատիւ ան սարքեց ճաշկերոյթ մը:

Ճաշկերոյթին ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ Պըրրի հաստատեց, որ քաղաքական բոլոր կողմերուն, Հըզպալլայի, բանակին եւ հանրապետութեան նախագահին հետ իր ունեցած խորհրդակցութիւններուն ընթացքին շեշտուած է Պեքաայի մէջ պետութեան գոյութեան անհրաժեշտութիւնը, նոյնիսկ եթէ այդ նպատակին համար ստիպուած ըլլանք հարաւային Լիբանանէն զօրամաս մը վերցնելու:

Պըրրի հաստատեց, որ լիբանանեան ներքին դիմադրողականութիւնը Դիմադրութեան կարեւորագոյն օղակներէն մէկն է` աւելցնելով, որ իրենք պատասխանատու են 33 հազար բերման գիրի, եւ կարելի չէ այդ իրավիճակը իր ներկայ ընթացքով շարունակել եւ արգելք հանդիսանալ Պեքաայի ու Պաալպեք-Հերմելի մէջ բարգաւաճման ծրագիրներու իրականացման:

Պըրրի կոչ ուղղեց բանակին եւ ապահովութեան ուժերուն Պեքաայի բոլոր շրջաններուն մէջ մօտիկ ապագային պարտադրելու լիբանանեան պետութեան իշխանութիւնը, ինչպէս նաեւ երկաթեայ բազուկով հարուածելու ապօրինութիւններն ու օրինազանցները:

«Ձեր օժանդակութեամբ բանակը պիտի փաստէ, որ դուք օրինազանցութիւններ չէք գործեր, եւ ամէնէն կարեւորը այն է, որ լիբանանեան պետութիւնը Պեքաայի մէջ է եւ ան կարիքը ունի ձեր զօրակցութեան», ըսաւ Պըրրի:

Ան ընդգծեց նաեւ, որ ապահովական ծրագիրը անբաւարար է` աւելցնելով, որ անհրաժեշտ է անոր կողքին գործադրել նաեւ բարգաւաճման ծրագիրներ եւ Պեքաայի բնակչութեան մատուցել յաւելեալ ծառայութիւններ: Պըրրի շեշտեց, որ իրենք այլեւս չեն ուզեր խոստումներով բաւարարուիլ, եւ այդ շրջագիծին մէջ ան ներկայացուց կառավարութեան վաւերացուցած բարգաւաճման այն ծրագիրները, որոնք կը վերաբերին Պեքաային:

Խորհրդարանի նախագահին այցելեց նաեւ ընդհանուր ապահովութեան նախկին ընդհանուր տնօրէն զօր. Ժամիլ Սէյիտ, որ Պըրրիի հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:

 

 

 

Leave a Reply

Advertisement