Ռումիէի Բանտէն Արգելափակեալներու Փախուստին Մասին Հետաքննութիւնը Կը Շարունակուի
By adminx - Tue Oct 16, 7:31 am
- 0 Comments
- 13 views
- Tweet
Email
Print
Անդրադառնալով Ռումիէի բանտէն Ֆաթհ իսլամի անդամ արգելափակեալներուն փախուստի գործողութեան` վարչապետ Նեժիպ Միքաթի յայտնեց, որ Ռումիէի մէջ արձանագրուած այս միջադէպը վտանգաւոր է եւ մերժելի` նշելով, որ Ռումիէն լարուած ական մըն է, որ կրնայ որեւէ ատեն պայթիլ:
Ներքին գործոց նախարար Մարուան Շարպել, ընկերակցութեամբ արդարութեան նախարար Շաքիպ Քըրթպաուիի, երէկ բացումը կատարեց Ռումիէի բանտին մէջ հիմնուած նորակառոյց դատարանին:
Այս առիթով Շարպել հաստատեց, որ դատարանը վերջնականապէս պատրաստ ըլլալու համար տակաւին որոշ սարքաւորման կարիք ունի` աւելցնելով, որ այս դատարանը կառուցուած է բոլոր արգելափակեալներուն համար եւ ոչ միայն իսլամական բանտարկեալներուն:
Ներքին գործոց նախարարը յայտնեց, որ նորակառոյց դատարանին նպատակն է արագացնել բանտարկեալներուն դատավարութիւնները:
Իր կարգին, Շարպել երէկ յայտնեց, որ Ռումիէի բանտէն արգելափակեալներուն փախուստ տալուն տուրքը շատ մեծ պիտի ըլլայ: Ան նշեց, որ երկու տարի առաջ Ռումիէի մէջ քանդուած 50 դռներուն վերանորոգումը տակաւին չէ աւարտած` նկատի ունենալով, որ իւրաքանչիւր դուռ մէկ ամսուան աշխատանքի կարիք ունի:
Ներքին գործոց նախարարը հաստատեց, որ ներկայիս հիմնական աշխատանքը կը կայանայ բանտարկեալներուն փախուստ տալու պատասխանատուութիւնը ճշդելու հարցին վրայ` աւելցնելով, որ փախուստ տալու աշխատանքը կը կատարուի Ռումիէ այցելութիւններուն ընթացքին:
«Եթէ զինուորները չմեղսակցին արգելափակեալները փախցնելու գործողութեան, ապա անկարելի է, որ արգելափակեալ մը յաջողի փախուստ տալ», ըսաւ Շարպել:
Այս շրջագիծին մէջ Զինուորական ատեանին մօտ կառավարութեան ներկայացուցիչ, դատախազ Սաքըր Սաքըր բերման գիրեր արձակեց Ռումիէի բանտապետ հազարապետ Ահմետ Ապու Տահերի եւ տեղակալ Ապտել Հաֆիզ Ֆաուազի դէմ:
Արդարութեան նախարար Շաքիպ Քըրթպաուի բանտարկեալներուն փախուստին մասին հարցումի մը պատասխանելով շեշտեց, որ Ռումիէի բանտին պարագային 50 տարուան անտեսում կուտակուած է եւ ոչ ոք կը ձեռնարկէ այդ բանտին կացութիւնը բարելաւելու: Ան նկատել տուաւ, որ Ռումիէի բանտին հարցին արմատական լուծում կարելի է գտնել նոր բանտեր կառուցելով եւ բանտերու կառավարման յատուկ մասնագիտութեան հետեւած պատասխանատուներ նշանակելով:
Միւս կողմէ, կարգ մը լրատուամիջոցներ յայտնեցին, որ Ֆաթհ իսլամի անդամ 3 արգելափակեալները շուրջ երկու ամիս առաջ արդէն իսկ փախուստ տուած են բանտէն` կեղծուած անձնաթուղթերով:
Աւելի ուշ, հարցաքննութեան կանչուեցաւ նաեւ Ռումիէի բանտին բժիշկը` արգելափակեալներուն առողջական վիճակին վերաբերող կեղծ փաստաթուղթերու բացայայտումէն ետք:
- 0 Comments
- 13 views
- Tweet
Email
Print




