Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
By adminx - Tue Oct 16, 7:27 am
- 0 Comments
- 21 views
- Tweet
Email
Print
ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Վատիկանի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Պենետիկտոս ԺԶ. պապին հետ:
ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ միւֆթի շէյխ Մոհամետ Ռաշիտ Քապպանի կոչ ուղղեց լիբանանեան բանակը տագնապներու միջամուխ չդարձնելու: Ան շեշտեց, որ «Այուպ» օդանաւի գործողութիւնը ռազմավարական բացառիկ գործողութիւն մըն է, եւ կոչ ուղղեց որդեգրելու ընտրական օրէնք մը, որ կը ներկայացնէ բոլոր կողմերը:
«ՏԻԱՐ» օրաթերթին համաձայն, նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի եւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ համաձայնութիւն գոյացուցած են իրենց քաղաքական դաշինքը շարունակելու եւ մինչեւ վերջ պայքարելու սուրիական վարչակարգին դէմ:
ԵՒՐՈՊԱԿԱՆ Միութեան արտաքին քաղաքականութեան պետ Քեթրին Էշթըն յառաջիկայ 23 հոկտեմբերին պիտի այցելէ Լիբանան, ուր պիտի քննարկէ Լիբանան ժամանած սուրիացի գաղթականներուն առնչուող հարցեր:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի անդամ երեսփոխան Ֆարիտ Խազեն յայտնեց, որ Լիբանանի ապահովական կացութիւնը կայուն է եւ ոչ ոք կ՛առաջարկէ երեսփոխանական ընտրութիւնները յետաձգել:
ՆԱԽԱՆՑԵԱԼ երեկոյեան Պըտտաուիի բնակիչները բեռնատարներով փակեցին դէպի Աքքար տանող միջազգային մայրուղին` իբրեւ բողոք ելեկտրական հոսանքի ընդհատումին դէմ:
ՄՈՒՐԱՊԻԹՈՒՆ շարժումի ղեկավար խորհուրդի քարտուղար զօր. Մուսթաֆա Համտան յայտնեց, որ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի հանրապետութեան նախագահ ընտրութիւնը Լիբանանի մէջ արիւնահեղութիւն պիտի պատճառէ:
«ՆԱՀԱՐ» օրաթերթին համաձայն, կը նախատեսուի, որ Սուրիոյ մէջ առեւանգուած լիբանանցիներէն 8-ն ազատ արձակուին մինչեւ Ատհայի տօնը, այսինքն` մինչեւ յառաջիկայ 26 հոկտեմբեր: Նոյն օրաթերթին համաձայն, սուրիական ազատ բանակը ծրագրած է առեւանգուած լիբանանցիներէն միայն Ապպաս Շաայպը պահել իր մօտ:
ՆԱԽԿԻՆ նախարար Մոհամետ Շաթահ յայտնեց, որ Հըզպալլայի կողմէ «Այուպ» օդանաւին եւ Սուրիոյ կռիւներուն մաս կազմելու մասին յայտարարութիւնները իրենց ժխտական այցելութիւնը պիտի ունենան Լիբանանի Ազգային երկխօսութեան նիստին վրայ:
ՍԷՈՒՏԱԿԱՆ «Ուաթան» օրաթերթին համաձայն, կը նախատեսուի, որ Հըզպալլայի եւ Սուրիոյ ազատ բանակին միջեւ յառաջիկայ 48 ժամերուն ընթացքին գերիներու փոխանակում կատարուի:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ամմար Հուրի յայտնեց, որ Հըզպալլայի առած քայլը կը ջնջէ լիբանանեան պետութեան գոյութիւնը եւ երկիրը կ՛ուղղէ դէպի անդունդ: «Երբ ան կ՛որոշէ Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւը խախտել, ապա ան պէտք է իմանայ, որ իր այդ քայլին հակազդեցութիւնը պիտի կրէ ամբողջ Լիբանանը», ընդգծեց Հուրի:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Միշել Ֆարաոն շեշտեց, որ ոչ մէկ ցուցանիշ կայ, թէ ընտրական օրէնքին համար կազմուած խորհրդարանական սեղմ յանձնախումբը պիտի կարենայ յաջողութիւն արձանագրել:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան երեսփոխան Ժոզեֆ Մաալուֆ յայտնեց, որ Հըզպալլա Լիբանանը վտանգի թիրախ կը դարձնէ, եւ այս մասին հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանէն յստակ կեցուածք մը կը պահանջուի:
«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար Ամին Ժեմայէլի եւ կուսակցութեան Հիւսիսային Մեթնի ու Զահլէի պատասխանատուներուն միջեւ հանդիպումին ներկայ գտնուող անձնաւորութիւնները մեծ հաւանականութիւն գտած են Փաղանգաւոր կուսակցութեան եւ նախկին նախարար Էլիաս Սքաֆի միջեւ ընտրական դաշինք մը գոյացնելու առումով:
ՆԱԽԿԻՆ նախարար Զիատ Պարուտ կոչ ուղղեց կազմելու արտերկրի լիբանանցիներուն յատուկ ազգային խորհուրդ մը, որպէսզի դիւրանայ անոնց հետ հաղորդակցութիւնն ու գործակցութիւնը:
«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման Ազգային երկխօսութեան նիստը 12 նոյեմբերէն 29 նոյեմբեր պիտի յետաձգէ:
ՄԱՐՈՆԻ համայնքի առաջնորդներէն Սամիր Մազլում եպիսկոպոս երէկ յայտնեց, որ Պքերքէ երեսփոխանական ընտրութիւններուն միջամուխ չ՛ըլլար` աւելցնելով, որ Պքերքէ գետնի վրայ ոչ մէկ թեկնածու ունի: «Մենք պարզապէս կը փափաքինք, որ արդար եւ ճշգրիտ ներկայացուցչութիւն ապահովող երեսփոխանական ընտրութիւններ տեղի ունենան», ըսաւ ան:
ԲՐԻՏԱՆԱԿԱՆ «Սանտէյ Թայմզ» օրաթերթին համաձայն, «Այուպ» առանց օդաչուի օդանաւը իսրայէլեան զինուորական գաղտնի դիրքեր, ինչպէս նաեւ իսրայէլեան զինուորական օդակայաններ նկարած է: Նոյն օրաթերթը նշեց, որ մեծ հաւանականութիւն կայ, որ «Այուպ» նկարած ըլլայ նաեւ Տիմոնայի հիւլէական կայանները:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Ալի Խրէյս յայտնեց, որ երեսփոխանական ընտրութիւններուն յետաձգումը մերժելի է:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Ալի Պեզզի շեշտեց, որ իրենք կը զօրակցին ընտրական այնպիսի օրէնքի մը, որուն շուրջ քրիստոնեաները համաձայնութիւն պիտի գոյացնեն:
ՊԱԱՍ կուսակցութեան ընդհանուր քարտուղար Ֆայեզ Շքըր յայտնեց, որ Ռումիէի մէջ արձանագրուած դէպքը իսկական գաղթակղութիւն մըն է: Ան նշեց, որ պէտք է որդեգրել համամասնական դրութեան վրայ հիմնուած ընտրական օրէնք մը` իրականացնելու համար քաղաքական կայունութիւնը:
ԱՇԽԱՏԱՆՔԻ նախարար Սելիմ Ժրայսաթի երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանի մէջ Զուիցերիոյ դեսպան Ռութ Ֆլիթի հետ, որուն հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւնները եւ զանոնք բարելաւելու հեռանկարները:
ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Սելիմ Աուն շեշտեց, որ Ռումիէի բանտէն արգելափակեալներուն փախուստ տալու միջադէպը բեմագրութեան մը համազօր է: Ակնարկելով «Այուպ» օդանաւին` Աուն յայտնեց, որ անիկա Իսրայէլի ուժը հաւասարակշռող գործողութիւն մըն է:
- 0 Comments
- 21 views
- Tweet
Email
Print



