Եւրոպական Միութիւնը Փակեց Իր Օդային Տարածքը Սուրիական Օդանաւերուն Առջեւ
By adminx - Tue Oct 16, 7:25 am
- 0 Comments
- 73 views
- Tweet
Email
Print
«ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Լիւքսամպուրկի մէջ Եւրոպական Միութեան արտաքին գործոց նախարարներու նիստի ընթացքին որդեգրուած է Սուրիոյ դէմ պատժամիջոցներու 18-րդ թղթածրարը:
Նոր պատժամիջոցներով կ՛արգիլուի Եւրոպական Միութեան օդային տարածքին մէջ սուրիական օդանաւային ընկերութեան օդանաւերուն թռիչքը, ինչպէս նաեւ Սուրիա զէնք փոխադրող այլ երկիրներու օդային եւ ծովային փոխադրամիջոցներու Եւրոպական Միութեան տարածքին մէջ ապահովագրումը:
Բացի ատկէ, ընդլայնուած է սուրիացի անձերու «սեւ ցուցակ»-ը, որուն վրայ գտնուողներուն Եւրոպական Միութեան տարածքին մէջ տեղաշարժը կը սահմանափակուի, ինչպէս նաեւ անոնց դրամատնային պահեստները կը սառեցուին: Ցուցակին վրայ առնուած են յաւելեալ 28 պաշտօնատարներ: Այսպիսով, Եւրոպական Միութեան պատժամիջոցները կը տարածուին Ասատի եւ անոր շրջապատէն 181 անձերու վրայ:
Իրանի Ազգային ապահովութեան խորհուրդի նախագահ Սայիտ Ժալիլի ՄԱԿ-ի եւ Արաբական լիկայի Սուրիոյ հարցով յատուկ պատուիրակ Լախտար Իպրահիմիի հետ ունեցած հանդիպումէն ետք յայտնեց, որ Իրան կը զօրակցի որեւէ նախաձեռնութեան, որ կը նպաստէ Սուրիոյ մէջ ապահովութեան ու կայունութեան վերահաստատման եւ բռնարարքներու դադրեցման:
Ժալիլի ողջունեց Սուրիոյ տագնապի լուծման համար Իպրահիմիի ջանքերը` յայտնելով, որ սուրիական տագնապի լուծման շուրջ առաջարկուած որեւէ նախաձեռնութեան մէջ պէտք է սուրիացի ժողովուրդի շահերը նկատի առնուին, իսկ Սուրիոյ մէջ բռնարարքներուն վերջ տալու միակ ձեւը սուրիացի ժողովուրդի կամքը յարգելն է, ինչպէս նաեւ ժողովրդավարական ծանօթ արժեչափերու հիմամբ ազատ եւ արդար ընտրութիւններ կատարելը:
Ան ըսաւ, որ «պէտք է արգելք հանդիսանալ, որ որեւէ արտաքին խմբակ սուրիացի ժողովուրդին փոխարէն որոշումներ տայ»` աւելցնելով, որ «Սուրիոյ կառավարութեան եւ ընդդիմութեան միջեւ երկխօսութիւնը սուրիական քաղաքներուն մէջ կռիւները դադրեցնելու ուղղութեամբ կարեւոր քայլ է եւ այդ նպատակին հասնելու առաջին քայլը զէնքերու հոսքը արգիլելն ու տարբեր բռնարարքները դադրեցնելն է»:
Իպրահիմիի այցելութեան ընթացքին իրանեան կողմը սուրիական տագնապի լուծման համար առաջարկներ ներկայացուցած է անոր: Ըստ «Մայատին» պատկերասփիւռի կայանին, իրանեան առաջարկները կը նախատեսեն ընդդիմադիր ուժերուն զինուորական աջակցութիւնը դադրեցնել, իշխանութեան եւ ընդդիմութեան միջեւ երկխօսութեան սկսիլ, ինչպէս նաեւ խորհրդարանական նոր ընտրութիւններ կատարել: Իպրահիմի խոստացած է այդ առաջարկները ընդգրկել «խաղաղ լուծման նախագիծին մէջ, որ սուրիացի ժողովուրդը պիտի ազատէ այդ մղձաւանջէն»:
Թուրքիոյ խորհրդարանի պաշտպանութեան հարցերով յանձնախումբի նախագահ Օկուզճան Քէօքսալ թրքական «Քանալ8» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին` հակադարձելով Թուրքիոյ ընդդիմադիր Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութեան ղեկավար Քեմալ Քըլըճտարօղլուի Սուրիոյ նկատմամբ կառավարութեան քաղաքականութիւնը քննադատող կեցուածքներուն, յայտնեց, որ Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութիւնը անիրաւուածին կողքին չի կանգնիր, այլ սուրիական վարչակարգին` նշելով, որ «Թուրքիոյ խորհրդարանին կողմէ թրքական կառավարութեան Սուրիա զօրք ուղարկելու լիազօրութիւն տալը չի նշանակեր Սուրիոյ դէմ պատերազմ շղթայազերծել»:
Ան ըսաւ, որ «սուրիական հարցով թրքական կառավարութեան քաղաքականութիւնը կը ձգտի շրջանին մէջ խաղաղութեան եւ ապահովութեան երաշխաւորման, եւ մենք միշտ անիրաւուածներու կողքին կը կանգնինք»:
Թրքական «Վաթան» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ թրքական բանակը «յոռեգոյն դիպաշար» նկատուող հաւանական պատերազմի մը համար գործողութիւններու ծրագիր մշակած է: Ծրագիրը կը նախատեսէ անհրաժեշտութեան պարագային միաժամանակ օգտագործել ցամաքային ուժեր, օդուժ եւ ծովուժ:
Թրքական բանակը Սուրիոյ դէմ պատերազմի պատրաստուելու համար հաշուի առած է նաեւ Ռուսիոյ եւ ՔԱԿ-ի գործօնները: Սահմանին վրայ հաւանական պատերազմի պարագային, կառավարութեան հրահանգով պիտի գործեն նաեւ յատուկ ստորաբաժանումները:
«Վաթան»-ի համաձայն, Սուրիոյ զուգահեռ, գործողութիւններ ձեռնարկելու նախագիծեր կան Իրանի եւ Յունաստանի կողմէ հաւանական վտանգի գոյութեան պարագային:
Խորհրդարանին կողմէ երկրի սահմաններէն դուրս գործողութիւններ իրականացնելու ուղղուած որոշումին որդեգրումէն ետք թուրք-սուրիական սահմանին վրայ նախապատրաստական աշխատանքներ սկսած են: Ուրֆայի, Մարտինի եւ Այնթապի սահմանամերձ շրջաններուն մէջ 60 հրասայլ տեղակայուած է: Ընդհանուր առմամբ` սահմանի երկայնքին տեղակայուած է շուրջ 250 հրասայլ: Տիգրանակերտի օդուժի զօրամիաւորումներուն մէջ տեղակայուած են շուրջ 55 «Էֆ-16» տիպի կործանիչներ: Ըստ լրատուամիոցջներու, սահմանամերձ շրջանին մէջ տեղակայուած են նաեւ «Սթինկըր» տիպի հրթիռներ, որոնք կ՛օգտագործուին թշնամիի օդանաւերու եւ ուղղաթիռներու ոչնչացման համար:
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով հերքեց «Հումըն Ռայց Ուոչ» մարդկային իրաւանց կազմակերպութեան տարածած այն լուրը, թէ սուրիական բանակը ռուսական արտադրութեամբ տարանջատուող ռումբեր օգտագործած է: «Այդ հարցին շուրջ հաստատում գոյութիւն չունի… շրջանին մէջ բազմապիսի զէնքեր կան, ներառեալ` Սուրիոյ եւ այլ պետութեանց մօտ, իսկ զէնքերը հոն կը հասնին մեծ քանակութեամբ եւ ապօրինի ձեւով», ընդգծեց Լաւրով:
Լաւրով մէկ այլ յայտարարութեան մէջ անդրադառնալով Անգարայի մէջ էջք կատարելու պարտադրուած սուրիական օդանաւի հարցին յայտնեց, որ «ես կը վստահեցնեմ, թէ ոչ ոք պէտք է ռուս-թրքական յարաբերութիւններուն կապակցութեամբ անհանգստանայ: Անոնք ամուր եւ կայուն հիմերով կը զարգանան»: Խօսելով օդանաւին փոխադրած բեռին մասին ան ըսած է, որ բեռը «պատկանած է ռուսական կազմակերպութեան մը եւ նախատեսուած էր սուրիական կողմին: Բեռը օրինական էր եւ օրինական ձեւերով կը տեղափոխուէր»: Միեւնոյն ժամանակ ան աւելցուց, որ Ռուսիա տակաւին թրքական կողմէն այդ միջադէպի վերաբերեալ բացատրութիւններ կը սպասէ:
Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Լորան Ֆապիւս յայտնեց, որ Լաւրով Ֆրանսայի յայտնած է, որ Ասատ երբեք պիտի չհեռանայ: Ան նշեց, որ «Ասատի վարչակարգին աջակցող Ռուսիոյ կեցուածքը հետզհետէ կը կարծրանայ»:
- 0 Comments
- 73 views
- Tweet
Email
Print



