Wednesday Jun 19, 2013

Քաթարի Իշխանին Կազա Այցելութիւնը Յետաձգուա՞ծ Է

By adminx - Tue Oct 16, 7:23 am

Շէյխ Համատ եւ շէյխ Մոզա

Համասէն լաւատեղեակ աղբիւր մը թրքական «Անատոլու» լրատու գործակալութեան յայտնեց, որ Քաթարի իշխանի պատուիրակութեան Կազա այցելութիւնը յետաձգուած է Ատհայի տօնէն ետք, Կազայի դէմ իսրայէլեան ռմբակոծման կշռոյթի բարձրացումէն յառաջացած ապահովական պատճառներուն պատճառով:

Աղբիւրը նշեց, որ Քաթարի իշխան շէյխ Համատ պըն Խալիֆէ Ալ Թանիի պատուիրակութիւնը, որուն մաս կը կազմեն անոր կինը` շէյխա Մոզան, ինչպէս նաեւ Համասի քաղաքական գրասենեակի ղեկավար Խալետ Մաշաալ եւ այդ գրասենեակի արտասահմանի մէջ գտնուող շարք մը անդամներ, կը նախատեսուէր, որ երէկ Կազա այցելէ:

Պաղեստինեան աղբիւրներ կիրակի օր «Քիթապ» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին յայտնած էին, որ Քաթարի իշխան շէյխ Համատ պըն Խալիֆա Ալ Թանի քանի մը օրէն Կազա պիտի այցելէ: Պատկերասփիւռի կայանի սեփական աղբիւրները նշած էին, որ իշխանին կինը` շէյխա Մոզան պիտի ընկերակցի իշխանին Կազա այցելութեան ընթացքին, որ 2007-ին շրջանին վրայ Համասի տիրապետութեան հաստատումէն ետք արաբ ղեկավարի մը առաջին այցելութիւնը կը նկատուի:

Աղբիւրները կը վստահեցնեն, որ քաթարական բարձրաստիճան պատուիրակութիւններ Կազա հասած են, իսկ ուրիշներ մօտ օրէն անոնց պիտի հետեւին` իշխանին այցելութիւնը բարձրագոյն մակարդակի վրայ կազմակերպելու համար: Շաբաթ օր Ռաֆահի անցքին ճամբով Կազա հասած է դեսպան Մոհամետ Օմատիի գլխաւորութեամբ պատուիրակութիւն մը:

Համասի ղեկավարութեամբ կառավարութեան ներքին գործոց նախարարութիւնը Կազայի գլխաւոր թաղամասերուն վրայ իր ուժերու տեղակայման ռազմափորձ մը կատարած է` առ ի պատրաստութիւն քաթարական պատուիրակութեան ընդունելութեան:

Համասի կառավարութենէն պաշտօնատարներ մերժեցին Քաթարի իշխանին Կազա այցելութեան լուրը հաստատել կամ մերժել:

 

Leave a Reply

Advertisement