Saturday May 25, 2013

«Միջին Արեւելքի Մէջ Նոր Կազմաւորուող Ժողովրդավարութեանց Աջակցիլը Ռազմավարական Կարեւորութիւն Ունի» Կ՛ըսէ Քլինթըն

By adminx - Tue Oct 16, 7:22 am

Հիլըրի Քլինթըն

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթըն Ուաշինկթընի մէջ Ռազմավարական եւ միջազգային ուսումնասիրութեան կեդրոնին մէջ արտասանած իր խօսքին ընթացքին յայտարարեց, որ Միջին Արեւելքի մէջ նոր կազմաւորուող ժողովրդավարութեանց աջակցիլը Միացեալ Նահանգներու համար «ռազմավարական կարեւորութիւն ունի»: Ան այն համոզումը յայտնեց, որ ամերիկեան կառավարութիւնը պէտք է «Արաբական գարնան» յեղափոխութիւններէն ետք, յառաջացած բռնարարքներէն եւ ծայրայեղականութենէն աւելի հեռու նայի:

Քլինթըն ըսաւ, որ իր երկիրը կը գիտակցի, որ Միջին Արեւելքի մէջ փոփոխութիւնները կառավարելու պարտաւորութեան տակ չէ, սակայն պէտք է աջակցի անոնց, որոնք ամէն օր ժողովրդավարական կառոյցները ամրապնդելու համար կ՛աշխատին, իրաւունքները կը պաշտպանեն եւ կը ջանան, որ տնտեսական համապարփակ աճ արձանագրուի:

Ամերիկեան դիւանագիտութեան պետը ընդունեց, որ Լիպիոյ եւ Եմէնի մէջ քաղաքական վերիվայրումը, Եգիպտոսի եւ Թունուզի մէջ իսլամական կուսակցութեանց իշխանութեան հասնիլն ու Սուրիոյ մէջ տագնապի ընդլայնումը ամերիկեան ղեկավարութեան համար քննութիւններ են` նշելով, որ Ուաշինկթըն չի կրնար «Արաբական գարնան» երկիրներուն մէջ «ծայրայեղական փոքր խմբակներու կողմէ գործուած բռնարարքներուն» արգելք հանդիսանալ: Ան մասնաւորաբար մատնանշեց ուրբաթ օր Եգիպտոսի մէջ ազատականներուն եւ իսլամականներուն միջեւ տեղի ունեցած բախումները, որոնք աւելի քան հարիւր վիրաւորներ պատճառեցին:

Leave a Reply

Advertisement