Հայաստանի Սփիւռքի Նախարարութեան 2012-ի Գործունէութեան Մասին Մամլոյ Ասուլիս
By adminx - Tue Oct 16, 7:17 am
- 0 Comments
- 148 views
- Tweet
Email
Print
Երէկ` երկուշաբթի, 15 հոկտեմբերին, Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան տուաւ մամլոյ ասուլիս մը, որուն ընթացքին ներկայացուց նախարարութեան այս տարուան գործունէութիւնը: Ասուլիսին սքայփի միջոցով կը մասնակցէին Շահան Գանտահարեան (Լիբանան) եւ Ժիրայր Չոլաքեան (Ֆրանսա):
Նախարարը հանգամանալից կերպով ներկայացուց իրականացած ծրագիրներն ու նախաձեռնութիւնները, կատարուած աշխատանքին զուգահեռ անդրադարձաւ կատարուելիքներուն` այս բոլորին ընդմէջէն լուսարձակի տակ առնելով այն երեւոյթը, որ կարելի եղած է հասնիլ այնպիսի հանգրուանի, երբ սփիւռքահայ կառոյցներ իրենց համահայկական նախաձեռնութիւններուն ընթացքին կը համագործակցին սփիւռքի նախարարութեան հետ, որ իր կարգին մնայուն կապի մէջ է անոնց հետ եւ զանոնք կը նկատէ իր ամէնօրեայ աշխատանքներուն հիմնական բաժիններէն: Հրանուշ Յակոբեան շեշտեց, որ ներկայ դրութեամբ սփիւռքը իբրեւ կարեւոր տարր ներգրաւուած է եւ մնայուն ներկայութիւն է հայաստանեան կեանքի տարբեր մարզերուն մէջ, որովհետեւ սփիւռքը Հայաստանի անբաժանելի մասն է:
Ապա ան ընդհանուր գիծերու մէջ անդրադարձաւ սփիւռքի նախարարութեան հովանիին տակ կազմակերպուող համահայկական տարբեր տեսակի ծրագիրներուն, որոնց մէջ ներգրաւուած են տարբեր բնագաւառներ, տարիքային տարբեր խմբաւորումներ եւ անհատներ` նպատակ ունենալով մարդուժ պատրաստել եւ համագործակցութեան կապերը սերտացնել: Այս առումով նախարար Յակոբեան շեշտը դրաւ վերջերս տեղի ունեցած Լրագրողներու 6-րդ համահայկական համաժողովին վրայ, որ նախորդէն աւելի յատկանշական էր խմբագրապետերու մակարդակով ներկայացուածութեան, զեկուցումներու մակարդակին ու կարեւորութեան եւ աւարտին հրապարակուած յայտարարութեան առումով: Սքայփով ժողովին մասնակցող Լրագրողներու 6-րդ համահայկական համաժողովի համակարգող մարմինի նախագահ Շահան Գանտահարեան հաստատեց, որ սփիւռքի նախարարութիւնը արդէն կայացած է, տարբեր ոլորտներու մէջ արդիւնաւէտ աշխատանք կը ծաւալի: Ան դիտել տուաւ, որ վերջին համաժողովին դրական անդրադարձներէն կարելի է նկատել այս մասին թրքական մամուլին մէջ շրջան ընող տեղեկութիւնները, որոնց ընդմէջէն կը դրսեւորուի թրքական անհանգստութիւնն ու մտահոգութիւնը` ի տես Հայաստանի եւ սփիւռքի լրագրողներու համախմբուածութեան եւ 100-ամեակին ընդառաջ անոնց դրսեւորած համահայկական ռազմավարութեան:
Ապա սփիւռքի նախարարը նաեւ լայնօրէն անդրադարձաւ Հայաստանի մէջ սուրիահայութեան կացութեան, անոնց կացութեան բարելաւման ու պայմաններու դիւրացման միտող քայլերուն, օրէնքներուն մէջ կատարուած փոփոխութիւններուն, տուրքերու նուազեցումին, աշխատանք դասաւորելու իմաստով տարուող աշխատանքներուն:
«Ներկայ դրութեամբ Հայաստանի մէջ կայ շուրջ 5 հազար սուրիահայ` 1600-1700 ընտանիք, որոնց հոգերը թեթեւցնելու համար Հայաստանի օրէնքներուն եւ կառավարութեան որոշումներուն մէջ կատարուած են շարք մը փոփոխութիւններ: Հայաստանի համալսարաններ դիմած են 200 ուսանողներ, դպրոցներ եւ մանկապարտէզներ կը յաճախեն շուրջ 500 երեխայ: Տակաւին 3000 սուրիահայ ունի աշխատանքի կարիք», նշեց նախարարը` աւելցնելով, որ սուրիահայերուն բեռը թեթեւցնելու նպատակով Հայաստանի մէջ պետական տուրքերը նուազեցուած են անոնց համար, ինչպէս նաեւ անոնք, որոնք պատրաստ են Երեւանէն դուրս բնակելու, ՀՕՄ¬ն ու ՀԲԸՄ¬ը նման ընտանիքներու բնակութեան ծախսերը պատրաստ են հոգալու:
Ան դիտել տուաւ, որ նախարարութիւնը արդէն իսկ լոյս ընծայած է տարբեր բնոյթի 46 հետազօտութիւններ եւ գիրքեր, կատարած է ուսումնասիրութիւններ, փորձած է կարելի եղածին չափ խթանել հայրենադարձութիւնը, համահայկական ծրագիրներու շուրջ համախմբել համայն հայութիւնը: Ան կոչ ուղղեց լրագրողներուն` Հայոց ցեղասպանութեան վերապրողներու շառաւիղներուն ընդմէջէն ընտանեկան պատմութիւնները գրի առնելու աշխատանք ծաւալելու` նկատի ունենալով այս պատմութիւններուն կարեւորութիւնը:
Աւարտին ան պատասխանեց լրագրողներուն հարցումներուն, որոնք ընդհանրապէս կը վերաբերէին սուրիահայութեան: Պատասխանելով լրագրողի մը հարցումին` նախարար Յակոբեան դիտել տուաւ, որ կարելի է սփիւռքահայերը ներգրաւել Հայաստանի Ազգային ժողովի աշխատանքներուն մէջ` առանց խախտելու Հայաստանի սահմանադրութիւնը:
Նախարարը տեղեկացուց, որ ինքը ոչ թէ հրաժարած է սփիւռքահայերու համար Հայաստանի խորհրդարանին մէջ Վերին պալատի` Ծերակոյտի ստեղծման գաղափարէն, այլ զայն փոխած է, քանի որ սփիւռքահայերուն առիթ տրուած է երկքաղաքացիութիւն ստանալու եւ անոնք այսպիսով կրնան մաս կազմել խորհրդարանին` ընտրութիւններուն մասնակցելով:
«Ես կը շարունակեմ համակարծիք ըլլալ այս տեսակէտին, որովհետեւ ազգի սերուցքը եւ ազգի կարելիութիւնները պէտք է օգտագործենք Հայաստանը հզօրացնելու», յայտնեց ան:
«Յաջորդ Ազգային ժողովի ընտրութիւնները տեղի պիտի ունենան 2017¬ին, իսկ երկքաղաքացիութիւն կը տրուի արդէն 2007-էն: Այսինքն` 2017-ին կ՛ունենանք 10 տարուան քաղաքացիներ, որոնք կարելիութիւն կ՛ունենան մաս կազմելու խորհրդարանին», նշեց Հրանուշ Յակոբեան:
- 0 Comments
- 148 views
- Tweet
Email
Print



