Friday May 24, 2013

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Յունաստանի Դեսպանը

By adminx - Tue Oct 16, 7:13 am

Երէկ` երկուշաբթի, 15 հոկտեմբեր 2012-ի առաւօտուն, աւելի քան ժամ մը տեւած հանդիպում մը տեղի ունեցաւ Արամ Ա. կաթողիկոսին եւ Լիբանանի մէջ Յունաստանի դեսպան Քաթրինա Պուրային միջեւ: Խորհրդակցութեան հիմնական նիւթը ընդհանրապէս Միջին Արեւելքի ներկայ կացութիւնն էր եւ յատկապէս քրիստոնեայ համայնքներուն դիմագրաւած մարտահրաւէրները: Վեհափառ հայրապետը լայն բացատրութիւն տուաւ դեսպանին մանաւանդ Սուրիոյ հայութեան մասին` շեշտելով, թէ հայութիւնը ամբողջ Միջին Արեւելքին մէջ միշտ եղած է արաբ ժողովուրդի կողքին` կառչելով ժողովրդավարական սկզբունքներուն, արդարութեան, ազատութեան եւ քրիստոնեայ-իսլամ համակեցութեան:

Հանդիպման ընթացքին նաեւ անդրադարձ եղաւ Յունաստանի հայութեան եւ հայ եւ յոյն եկեղեցիներու դարաւոր բարեկամութեան: Արծարծուեցան նաեւ Լիբանանի այժմու կացութեան առնչուած հարցեր:

 

 

Leave a Reply

Advertisement