Հայկազեան Համալսարան Հիմնադիրներու Օրուան Տօնակատարութիւն
By adminx - Tue Oct 16, 7:12 am
- 0 Comments
- 86 views
- Tweet
Email
Print
Երկուշաբթի, 15 հոկտեմբեր 2012-ին տեղի ունեցաւ Հայկազեան համալսարանի հիմնադրութեան յիշատակի օրը, Հայ աւետարանական Ա. եկեղեցւոյ սրահին մէջ, ներկայութեամբ համալսարանի նախագահին, Հայաստանի դեսպանատան առաջին քարտուղար Վարդան Ադամեանի, խնամակալութեան, ուսուցչակազմին, անձնակազմին եւ մեծ թիւով աշակերտութեան:
Հանդիսաւոր մուտքէն ետք սկիզբ առաւ տօնակատարութիւնը` յիշատակելու համալսարանի հիմնադիրները եւ անոնց առաքելութիւնը: Լիբանանեան ազգային քայլերգի հնչումէն ետք, աղօթք կատարուեցաւ համալսարանի նոր հոգեւոր տեսուչ պատուելի Պրուս Չաուբի կողմէ:
Դոկտ. Արտա էքմեքճի` համալսարանի արուեստի եւ գիտութեան բաժանմունքի տեսուչը, ներկայացուց Հայկազեանի պատմական «Ռոքեթ Սոսայեթի»-ն (Հրթիռներու ընկերութիւնը), նոյնինքն այն ընկերութիւնը, որ յաջողեցաւ արձակել Միջին Արեւելքի առաջին հրթիռը, 1960-ականներուն` անջրպետի հետազօտութեան շրջանին:
Ապա ներկաները դիտեցին այս նիւթին հետ առնչուած, Ժոուանա Հաճիթոմասի եւ Խալիլ Ժորէյժիի պատրաստած վաւերագրական ժապաւէնի ամփոփ տարբերակը: «Տը Ռոքեթ Սոսայեթի» վերնագիրը կրող այս ժապաւէնը մաս կազմեց Թորոնթոյի միջազգային շարժապատկերի փառատօնին:
Գեղարուեստական բաժինով բեմ բարձրացաւ Հայկազեանի ուսանող Շողեր Կրպոյեան, որ դաշնակի վրայ նուագեց Առնօ Պապաճանեանի «Էլեկիա» ստեղծագործութիւնը:
Ապա, յիշատակումի տօնակատարութեան առիթով խօսք առաւ համալսարանի նախագահ վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեան` յատուկ շեշտ դնելով համալսարանի մարզական բաժանմունքի նուաճումներուն վրայ:
Վեր. Հայտոսթեան ճանչնալ տուաւ համալսարանի տարբեր մարզական խումբերը` զանոնք շնորհաւորելով իրենց ցուցաբերած աշխատանքին եւ նուիրումին համար: Ան նաեւ կարեւոր նկատեց համալսարանի եւ Պէյրութի մարաթոնի միութեան միջեւ այս տարուան գործակցութիւնը:
Օրուան պատգամաբերն էր միջազգային ճանաչում ունեցող Պէյրութի միութեան նախագահ Մէյ Խալիլ:
Վերեւ նշուած ոչ կառավարական կազմակերպութիւնը կը նպատակադրէ յառաջացնել միութիւն եւ գործակցութիւն Լիբանանի մէջ` ներկայ եւ ապագայ սերունդներուն համար:
Կազմակերպութեան տարիներու պատմութեան եւ զարգացման ամփոփ ներկայացումէն ետք, Խալիլ կեդրոնացաւ հիմնական յատկանիշներու վրայ, որոնք որեւէ կազմակերպութիւն յաջողութեան կը մղէ, ինչպէս` տեսիլքը, առաքելութիւնը, յառաջդիմութիւնը եւ հաւատքը, որոնք տարրական են նաեւ մարաթոնին համար:
Աւելի՛ն. Խալիլ խօսեցաւ համալսարաններուն հետ այս տարուան հասկացողութեան յիշատակագիրի մասին, որոնք կարեւոր կը նկատեն երիտասարդութեան մասնակցութիւնը ազգային ձեռնարկներուն:
Իր խօսքի ընթացքին Խալիլ ներկայացուց մարաթոնի յատկանշական նկարներու սահիկներ:
Ապա, նախագահ Հայտոսթեան Մէյ Խալիլը պարգեւատրեց յուշանուէրով մը եւ զինք շնորհաւորեց Պէյրութ մարաթոնի 10-ամեակին առիթով:
ՀԱՅԿԱԶԵԱՆ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆ
ՀԱՆՐԱՅԻՆ ԿԱՊԵՐՈՒ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ
- 0 Comments
- 86 views
- Tweet
Email
Print



