Wednesday May 22, 2013

Նախագահ Սլէյման Շնորհակալական Նամակ Մը Ստացաւ Պենետիկտոս Ժզ. Պապէն

By adminx - Mon Oct 15, 7:43 am

Նախագահ Սլէյման եւ զօր. Ռիֆի

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ Պենետիկտոս ԺԶ. պապէն ստացաւ շնորհակալական նամակ մը` Լիբանանի իշխանութեան եւ ժողովուրդին կողմէ իրեն նկատմամբ ցուցաբերուած ջերմ հիւրընկալութեան եւ դիմաւորումին, ինչպէս նաեւ զինք ընդունելու եւ իր կեցութեան ամբողջ շրջանին կազմակերպումին համար:

Պապը իր նամակին մէջ նշած էր, որ Լիբանան կատարած իր այցելութիւնը անմոռանալի է, յատկապէս նկատի ունենալով, որ Լիբանան առիթ ընծայած է Պապին հանդիպում ունենալու Լիբանանի բոլոր համայնքներուն հոգեւոր ներկայացուցիչներուն հետ:

Ան դրուատած էր նաեւ բոլոր հանդիպումները, թէ՛ քրիստոնեայ եւ թէ՛ իսլամ հոգեւորականներուն հետ` նկատի ունենալով, որ այդ բոլոր հանդիպումները եղած են եղբայրական:

Պապը արժեւորեց նաեւ Պքերքէի մէջ լիբանանցի երիտասարդութեան հետ իր ունեցած հանդիպումները` հաստատելով, որ իրեն համար մեծ կարեւորութիւն կը ներկայացնէ Լիբանանի մէջ «Առաքելական յորդոր»-ին յայտարարութիւնը:

Միւս կողմէ, շաբաթավերջին նախագահ Սլէյման Պաապտայի մէջ ընդունեց ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն զօր. Աշրաֆ Ռիֆին, որուն հետ քննարկեց Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները, յատկապէս Ռումիէի բանտէն Ֆաթհ իսլամ շարժումի յանցագործներուն փախուստ տալու իրականութիւնը:

Նախագահ Սլէյման ընդվզում յայտնեց այդ երեւոյթին համար, մասնաւորապէս երբ նման դէպք մը պատահած է այն ժամանակաշրջանին, երբ կառավարութիւնը կը փորձէ լիբանանեան բոլոր շրջաններուն մէջ ապահովական կայունութիւնը իր հակակշիռին տակ պահել:

Այս առումով, նախագահ Սլէյման զօր. Աշրաֆ Ռիֆիէն պահանջեց հետաքննութիւն բանալ եւ ապահովական անհրաժեշտ միջոցառումներուն դիմել` ճշդել կարենալու համար բանտէն փախուստ տալու այդ գործողութեան բոլոր պատասխանատուները:

Նախագահ Սլէյմանի այցելեց նաեւ երեսփոխան Պահիա Հարիրի: Քննարկուեցան Լիբանանի ներքին քաղաքական բեմը յուզող հարցեր:

 

Leave a Reply

Advertisement