Tuesday May 21, 2013

Պըրրի Նամակներ Ստացաւ Իրանցի Եւ Սէուտցի Իր Պաշտօնակիցներէն

By adminx - Mon Oct 15, 7:42 am

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի շաբաթավերջին Այն Թինէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան Ղատանֆար Ապատին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան-իրանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ շրջանային զարգացումները:

Ապատի Պըրրիին յանձնեց նամակ մը իրանցի իր պաշտօնակիցէն` Ալի Լարիճանիէն:

Միւս կողմէ, Պըրրի այլ նամակ մը ստանձնեց նաեւ Սէուտական Արաբիոյ Ազգային ժողովի նախագահ Ապտալլա պըն Մոհամետ պըն Իպրահիմ Ալ Շէյխի կողմէ:

Խորհրդարանի նախագահը հերքեց «Նահար» օրաթերթին մէջ իրեն վերագրուած այն տեղեկութիւնները, թէ ինք ակնարկած է երեսփոխանական ընտրութիւններ չկայացնելու հաւանականութեան: Ան հաստատեց, որ ուզած է ճիշդ հակառակը ըսել` երեսփոխանական ընտրութիւններուն կայացման առումով:

Leave a Reply

Advertisement