13 Հոկտեմբերի 22-րդ Տարելիցին Նուիրուած Յիշատակի Ձեռնարկ` Տէյր Քալաայի Մէջ
By adminx - Mon Oct 15, 7:41 am
- 0 Comments
- 108 views
- Tweet
Email
Print
Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան կազմակերպութեամբ, շաբաթ օր Տէյր Քալաայի մէջ տեղի ունեցաւ յիշատակի ձեռնարկ մը` նուիրուած 13 հոկտեմբեր 1990-ի ներխուժման յիշատակին:
Ձեռնարկին ներկայ գտնուեցաւ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն, համախմբումին մաս կազմող երեսփոխաններ, որոնց շարքին` Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի:
Պէյթ Մերիի Մար Եուհաննա վանքին շրջափակը տեղի ունեցած ձեռնարկին ընթացքին մատուցուեցաւ Ս. պատարագ` 13 հոկտեմբեր 1990-ին լիբանանեան բանակին շարքերէն ինկած նահատակներուն յիշատակին:
Իր արտասանած խօսքին մէջ զօր. Աուն անդրադարձաւ պատմական այդ հանգրուանին տիրած պայմաններուն եւ յատկանշական պահերուն, որոնցմէ եղած էր սուրիական օդուժին կողմէ նախագահական պալատին ռմբակոծումն ու Թաէֆի համաձայնագիրին բանաձեւումը:
«Թաէֆի համաձայնագիրին դէմ ըլլալու մեր կեցուածքը այն էր, որ անիկա միայն լիբանանցիներուն կողմէ ստորագրուած էր եւ ոչ ոքի ստիպած էր հեռանալ Լիբանանէն եւ վերցնել անոր վրայ բանեցուած հոգատարութիւնը, որպէսզի Լիբանան կարենար վերստանձնել իր կորսնցուցած գերիշխանութիւնը: Երբ մենք այս կեցուածքին կառչած կը մնայինք, մնացեալ բոլոր ուժերը մեզի դէմ կեցուածք ճշդեցին եւ միլիսներու միջոցով ներքին պատերազմ բռնկեցուցին` արտօնելու համար օտար ուժերու Լիբանան մուտքը, եւ այդ պատճառով ալ արձանագրուեցաւ 13 հոկտեմբերը:
«Ինչպէս ձեզի խոստացած էի, երբ Լիբանանէն մեկնեցայ, այսօր եւս կը խոստանամ, որ մենք սկսած ենք իրականացնել այն նպատակները, որոնց համար կռուած ենք: Իւրաքանչիւրս իր խաչը կրեց 24 տարուան համար եւ դիմագրաւեց բոլոր դժուարութիւնները` բարձրացնելու համար Լիբանան հայրենիքը եւ անոր զաւակներուն ապահովելու համար նիւթական ու բարոյական վայել կեանք մը: Այդպիսով է, որ մենք իմաստաւորած կ՛ըլլանք մեր նահատակներուն յոյսերը», ըսաւ զօր. Աուն:
- 0 Comments
- 108 views
- Tweet
Email
Print





