Վարչապետ Միքաթի Աւարտեց Քոնկօ Կատարած Իր Այցելութիւնը
By adminx - Mon Oct 15, 7:39 am
- 0 Comments
- 6 views
- Tweet
Email
Print
Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ աւարտեց Քոնկօ կատարած իր այցելութիւնը` նախագահելէ ետք Ֆրանսախօս երկիրներու կազմակերպութեան 14-րդ վեհաժողովին իր մասնակցութիւնը բերած լիբանանեան պատուիրակութեան եւ վեհաժողովին ընթացքին արտասանելէ ետք Լիբանանի պատգամը:
Այդ պատգամին մէջ վարչապետ Միքաթի հաստատեց, որ Լիբանան տիպար օրինակ պէտք է ըլլայ ամբողջ աշխարհին ապագային, ոչ միայն ազգային համերաշխութեան իր օրինակով, այլեւ` ներողամտութեան իր յատկութեան համար:
Վարչապետ Միքաթի շեշտեց, որ Լիբանան` իբրեւ կրօններու եւ քաղաքակրթութիւններու բազմազանութեան երկիր, Ֆրանսախօս երկիրներու կազմակերպութեան վեհաժողովէն կը պահանջէ կրօններու եւ անոնց խորհրդանիշներուն նկատմամբ յարգանքի կոչ ուղղել:
Վարչապետ Միքաթի աւելցուց նաեւ, որ հակառակ Սուրիոյ տագնապին նկատմամբ իր որդեգրած չէզոք կեցուածքին, Լիբանան օր մը օրանց թերացում չէ արձանագրած Լիբանան ժամանած սուրիացի գաղթականներուն մարդասիրական օժանդակութիւններ տրամադրելու իր պարտականութեան մէջ:
Վարչապետ Միքաթի հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ Քոնկոյի նախագահ Ժոզեֆ Քապիլայի հետ:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ Քոնկոյի մէջ գտնուող լիբանանեան գաղութին վերաբերող հարցեր:
Լիբանանեան պատուիրակութեան մաս կը կազմէին փոխվարչապետ Սամիր Մուքպել, առողջապահութեան նախարար Ալի Հասան Խալիլ, տնտեսութեան եւ առեւտուրի նախարար Նիքոլա Նահհաս, ներքին գործոց նախարար Մարուան Շարպել, մշակոյթի նախարար Կապի Լայեուն, Ֆրանսախօս երկիրներու կազմակերպութեան մէջ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի ներկայացուցիչ Խալիլ Քարամ եւ Քոնկոյի մէջ Լիբանանի դեսպան Սաատ Զախիա:
Քենշասայի մէջ վարչապետ Միքաթի հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ լիբանանեան գաղութի ներկայացուցիչներուն հետ:
Հանդիպումին ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ Միքաթի շեշտեց, որ իր գլխաւորած կառավարութեան հիմնական պարտականութիւնն է Լիբանանի ապահովական կայունութեան պահպանումը, ինչ ալ ըլլան զինք շրջապատող պայմանները:
Ան կոչ ուղղեց Քոնկոյի լիբանանեան գաղութին անդամներուն ուղղուելու լիբանանեան դեսպանատուն եւ արձանագրելու իրենց անունները, որպէսզի կարելի ըլլայ արտերկրի լիբանանցիները եւս մասնակից դարձնել 2013-ի երեսփոխանական ընտրութիւններուն:
Իր կարգին, խօսք առաւ առողջապահութեան նախարար Ալի Հասան Խալիլ, որ շեշտեց, թէ կառավարութեան նուաճումներէն կը նկատուի երկրին ապահովական կայունութեան պահպանումը, այնպիսի ժամանակաշրջանի մը մէջ, երբ ամբողջ շրջանը ցնցումի կ՛ենթարկուի:
Ան ողջունեց հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանը, որ յանձնառու է Լիբանանի Ազգային երկխօսութեան նիստին շարունակութեան:
Ան հաստատեց, որ Լիբանան տակաւին հզօր երկիր մըն է եւ ան աշխարհի քարտէսին վրայ ներկայ է իր ժողովուրդով, բանակով եւ Դիմադրութեամբ:
- 0 Comments
- 6 views
- Tweet
Email
Print





