Sunday May 19, 2013

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

By adminx - Mon Oct 15, 7:30 am

ԵՐԷԿ կէսօրէ առաջ հարաւային Լիբանան-Իսրայէլ սահմանամերձ շրջանէն իսրայէլացի զինուորներու խմբակ մը Ուազզանիի կողմէն մուտք գործեց Լիբանան եւ սահմանային Կապոյտ գիծէն 4 մեթր դէպի ներս յառաջացաւ: Լիբանանեան բանակն ու ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերը պատրաստ վիճակ յայտարարեցին: Միւս կողմէ, իսրայէլեան օդուժը ցած մակարդակի վրայ թռիչքներ գործեց Մերժահիունի, Հասպայայի, Պեքաայի եւ հիւսիսային Լիբանանի վերեւ:

ԵԼԵՒՄՈՒՏՔԻ նախարար Մոհամետ Սաֆատի այցելելէ ետք նախկին վարչապետ Օմար Քարամէի յայտնեց, որ ինք որոշ պատճառներ ունի յաջորդ երեսփոխանական ընտրութիւններուն իր թեկնածութիւնը չառաջադրելու առումով:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի շաբաթավերջին Եարզէի մէջ ընդունեց Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն զօր. Ապպաս Իպրահիմը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, յատկապէս ապահովական իրավիճակը եւ Լիբանան ապօրինի կերպով մուտք գործելու դէմ պայքարելու անհրաժեշտութիւնը:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ աւարտելէ ետք Սէուտական Արաբիա իր կատարած այցելութիւնը վերադարձաւ Լիբանան:

ԵՐՈՒՍԱՂԷՄ մզկիթի իմամ շէյխ Մահեր Համմուտ հաստատեց, որ Սայտա մնայուն կերպով կառչած պիտի մնայ Դիմադրութեան` աւելցնելով, որ լիբանանցի ժողովուրդը այլեւս չի կրնար հանդուրժել քաղաքական անձնաւորութիւնները:

ԱՐՏԱՔԻՆ գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ատնան Մանսուր յայտնեց, որ ինք անձամբ կը հետեւի Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Մորա Քոնելլիի Պէյրութի միջազգային օդակայան այցելութեան մանրամասնութիւններուն:

Միւս կողմէ, Մանսուր յայտնեց, որ «Այուպ» օդանաւին Իսրայէլ մուտքը ՄԱԿ-ի թիւ 1701 բանաձեւի խախտում չի նկատուիր:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Մորա Քոնելլի անցեալ ուրբաթ օր գաղտնօրէն այցելած է Պէյրութի միջազգային օդակայան եւ հանդիպում մը ունեցած «Միտըլ իսթ» օդանաւային ընկերութեան տնօրէն Մոհամետ Հութի հետ:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի անդամ երեսփոխան Ալեն Աուն շեշտեց, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի հետ իրենց յարաբերութիւնները վերադարձած են սովորական վիճակին: Անդրադառնալով 13 հոկտեմբեր 1990-ի ներխուժման 22-ամեակին` Աուն շեշտեց, որ անիկա յատկանշական է լիբանանցիներուն յիշողութիւններուն մէջ եւ Լիբանանի պատմութեան համար անկիւնադարձային հանգրուան կը նկատուի:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Եւրոպական Միութեան ներկայացուցիչ, դեսպան Անժելինա Էխհորեսթ յայտնեց, որ հարաւային Լիբանանի մէջ կացութիւնը խաղաղ է, եւ դրուատեց այդ իրականութիւնը: Սուրիոյ տագնապին անդրադառնալով` Էխհորեսթ ըսաւ, որ այդ տագնապին լուծումը պէտք է ըլլայ քաղաքական:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի քաղաքական գրասենեակի անդամ, նախկին երեսփոխան Մուսթաֆա Ալլուշ հաստատեց, որ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի կողմէ «Այուպ» օդանաւին մասին խօսիլը Իսրայէլի ուղղուած պատերազմի հրաւէր մըն է:

ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՈՒԹԵԱՆ եւ մարմնակրթութեան նախարար Ֆայսալ Քարամէ շեշտեց, որ ի՛նչ որ Իսրայէլը կը մտահոգէ զիրենք կը հանգստացնէ եւ իրենք կը զօրակցին Իսրայէլը նեղացնող որեւէ քայլի կամ նախաձեռնութեան:

ՇԻԻՆԵՐՈՒ գերագոյն խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Ապտել Էմիր Քապալան յայտնեց, որ բոլոր լիբանանցիները պէտք է իմանան Իսրայէլի ծրագրած լարուածութիւններն ու անոր պատրաստած բոլոր թակարդները:

ՀԱՐԱՒԱՅԻՆ Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու պաշտօնական բանբեր Անտրէա Թինընթի յայտնեց, որ իրենք ոչ մէկ տեղեկութիւն ունին Հըզպալլայի կողմէ Իսրայէլ ղրկուած օդանաւին մասին` աւելցնելով, որ սահմանային կացութիւնը կը մնայ կայուն եւ խաղաղ:

ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ պատկերասփիւռի պետական կայանին համաձայն, «Այուպ» հետախուզական օդանաւը հիմնուած է իսրայէլեան արհեստագիտութեան վրայ եւ անոր շինութեան համար օգտագործուած են գերմանական սարքեր:

ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Սաատ Հարիրի յայտնեց, որ բոլոր քաղաքական կողմերը պէտք է միանգամընդմիշտ իմանան, որ Լիբանան առանց օդաչուի օդանաւ մը չէ:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Ֆատի Աուար շեշտեց, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման բոլոր հարցերուն պարագային ալ բոլոր լիբանանցիներէն նոյն հեռաւորութեան վրայ պէտք է ըլլայ:

ՎԱՐՉԱԿԱՆ բարեկարգումի պետական նախարար Մոհամետ Ֆընէյշ հաստատեց, որ այն տեղեկութիւնները, թէ կառավարութիւնը չէ վաւերացուցած պետական մարզի աշխատավարձի յաւելումները, անճիշդ են: «Այդ յաւելումները վաւերացուած են, սակայն զանոնք ֆինանսաւորելու աղբիւրներու փնտռտուքին մէջ կը գտնուինք», ըսաւ ան:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան նախագահ Ամին Ժեմայէլ յայտնեց, որ Հըզպալլա պատասխանատու է Սուրիոյ մէջ առեւանգուած լիբանանցիները ազատ չարձակելու առումով:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Խալետ Տահեր յայտնեց, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը հարուածելու դժոխային ծրագիրի մը մէկ բաժինը կը ներկայացնէ:

 

 

 

Leave a Reply

Advertisement