«Թուրքիա Պիտի Հակադարձէ, Եթէ Սուրիոյ Հետ Սահմանը Դարձեալ Բռնաբարուի» Ըսաւ Տաւութօղլու
By adminx - Mon Oct 15, 7:28 am
- 0 Comments
- 66 views
- Tweet
Email
Print
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու իր գերմանացի պաշտօնակից Կուիտօ Վեսթերֆելէի հետ Պոլսոյ մէջ ունեցած հանդիպումէն ետք տրուած միացեալ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ Թուրքիա դարձեալ պիտի հակադարձէ, եթէ Սուրիոյ հետ իր սահմանը դարձեալ բռնաբարուի կամ Թուրքիա զգայ, որ իր ազգային ապահովութիւնը վտանգուած է: Ան նշեց, որ Թուրքիա իր սահմանին վրայ ամէն տեսակի միջոցառում կ՛որդեգրէ:
Տաւութօղլու ըսաւ, որ ՕԹԱՆ ժողովի մը ընթացքին ընդգծեց, որ Թուրքիա-Սուրիա սահմանը նաեւ ՕԹԱՆ-ի սահմանն է եւ դաշինքի յստակ զօրակցութիւնը կը վայելէ: «Այս ծիրին մէջ կ՛ուզեմ Գերմանիոյ շնորհակալութիւն յայտնել իր օժանդակութեան համար», ըսաւ ան:
Վեսթերֆելէ իր կարգին յայտնեց, որ Թուրքիա կ՛այցելէ ցոյց տալու համար, որ Գերմանիա Թուրքիոյ կողքին կը կանգնի:
«Սի.Էն.Էն.թիւրք» կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ ընդդիմադիր Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութեան ղեկավար Քեմալ Քըլըճտարօղլու յայտարարած է, որ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան Թուրքիան դէպի պատերազմ կը տանի: Ան նշած է, որ հակառակ անոր որ արտաքին որոշ ուժեր Թուրքիոյ այս կեցուածքը կը խրախուսեն, սակայն ժողովուրդը պատերազմ չ՛ուզեր:
«Վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան երկիրը դէպի պատերազմ կը մղէ` իբրեւ պատճառ նշելով այն, թէ Սուրիոյ մէջ ժողովրդավարութիւն չկայ: Իսկ Միջին Արեւելքի ո՞ր երկրին մէջ ժողովրդավարութիւն կայ, Թուրքիոյ մէջ կա՞յ: Այստեղ ձերբակալուած են զինուորներ, երեսփոխաններ, լրագրողներ, ուսանողներ, ո՞ւր է ժողովրդավարութիւնը», յայտարարած է Քըլըճտարօղլու:
Մինչ Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը շաբաթ օր յայտարարեց, որ Դամասկոսի եւ Անգարայի միջեւ ապահովական հաղորդակցութեան մեքանիզմի մը հաստատման Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի առաջարկը կ՛ողջունէ, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Սելճուք Էօնալ երէկ թրքական «Աքշամ» օրաթերթին յայտնեց, որ «Անգարայի եւ Դամասկոսի միջեւ ուղղակի կապի մեքանիզմի հաստատման շուրջ պաշտօնական առաջարկ մը տակաւին չստացանք. եթէ այդպիսի առաջարկ մը ներկայացուի, ապա առնչակից կողմերը զայն պիտի քննեն», թէեւ այդ նախաձեռնութիւնը «ուշացած եկաւ»:
Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ռամին Մեհմանփարասթ յայտնեց, որ «Թեհրան Թուրքիոյ եւ Սուրիոյ միջեւ լարուածութեան ուշադիր կերպով կը հետեւի, եւ երկու երկիրներուն կոչ ուղղեց կարելի եղածին չափ շուտ այդ լարուածութիւնը մեղմացնելու»:
Ան ըսաւ, որ իր երկիրը կը նկատէ, որ շրջանի երկիրներուն միջեւ տարակարծութեանց եւ տագնապներու յառաջացումը որեւէ երկրի շահերուն չեն համապատասխաներ` շեշտելով, որ Իրան շրջանին մէջ ապահովութեան եւ կայունութեան հաստատման համար ամէն ջանք կը թափէ:
«Իրան Թուրքիոյ հետ լաւ յարաբերութիւններ ունի եւ անոր հետ շրջանային զարգացումներուն շուրջ խորհրդակցութիւններ կը կատարէ: Անհրաժեշտ է այդ լարուածութեանց յառաջացման պատճառները քննարկել, եւ երկու երկիրները պէտք է ինքնազսպում ցուցաբերեն, որպէսզի շրջանին մէջ տագնապի մը յառաջացումը արգիլուի», ըսաւ ան:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Վիքթորիա Նուլընտ հաստատեց այն լուրը, թէ Սուրիոյ մէջ բռնարարքներու սկզբնաւորութենէն առաջ սուրիացի եւ իսրայէլացի պաշտօնատարներուն միջեւ կապերու հաստատման համար ջանքեր թափուած են, եւ Միացեալ Նահանգներ փորձած են Սուրիոյ ու Իսրայէլի միջեւ խաղաղութեան համաձայնութեան մը հասնիլ, եւ այդ աշխատանքը ամերիկացի յատուկ պատուիրակ Ճորճ Միչըլի ճամբով եղած է: Նշենք, որ իսրայէլեան «Ետիոթ Ահրոնոթ» օրաթերթը վերջերս հաղորդած էր, որ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի հետ կատարուած անուղղակի բանակցութիւններու ընթացքին խոստացած է Կոլանի բարձունքներէն իսրայէլեան ամբողջական հեռացում` ամբողջական խաղաղութեան դիմաց, սակայն բանակցութիւնները անցեալ տարուան սկիզբը սուրիական տագնապի սկզբնաւորման պատճառով վերջ գտած են: Նեթանիահու հերքած էր լուրը:
Մինչ այդ, «Պի.Պի.Սի.» հաղորդեց, որ Սուրիոյ իշխանութիւնները փակած են երկրի օդային տարածքը թրքական քաղաքային օդանաւերուն համար: Որոշումը ուժի մէջ մտած է շաբաթ գիշերուընէ:
Թրքական իշխանութիւնները իրենց կարգին իրենց երկրին օդային տարածքը փակեցին սուրիական քաղաքային օդանաւերուն համար:
Բրիտանական «Սանտէյ Թելեկրաֆ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ ՄԱԿ-ի եւ Արաբական լիկայի Սուրիոյ հարցով յատուկ պատուիրակ Լախտար Իպրահիմի Սուրիոյ մէջ երեք հազար զինուորներէ բաղկացած խաղաղապահ ուժի մը տեղակայման ծրագիր մը պատրաստած է, իսկ այդ ուժին եւրոպական երկիրներ ալ կրնան մասնակցիլ: Կը նախատեսուի այդ ուժը յառաջացնել 15 հազարի հասնող ՖԻՆԻՒԼ-ի մասնակից ուժերէն:
Նշենք, որ Իպրահիմի Սէուտական Արաբիոյ Ապտալլա պըն Ապտել Ազիզ թագաւորին հետ հանդիպումին ընթացքին յայտարարած է, որ Սուրիոյ տագնապին լուծումը երկխօսութեան միջոցով տեղի պիտի ունենայ եւ ոչ թէ զինուորական ուժի օգտագործումով:
Ան թագաւորին հետ համաձայնած է, որ անհրաժեշտ է դադրեցնել Սուրիոյ մէջ արիւնահեղութիւնը եւ այդ երկրին մարդասիրական օժանդակութիւն ցուցաբերել:
Յառաջիկային կը նախատեսուի Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի հետ Իպրահիմիի հանդիպումը:
- 0 Comments
- 66 views
- Tweet
Email
Print



