Իրավիճակը Դամասկոսի Մէջ
By adminx - Mon Oct 15, 7:27 am
- 0 Comments
- 74 views
- Tweet
Email
Print
Դամասկոսի մէջ «Ազդակ»-ի թղթակիցը երէկ հաղորդեց, որ անցնող երեք օրերուն ընթացքին ապահովական իրադարձութիւնները կեդրոնացան լսուած պայթումներու ձայներուն վրայ` մեծ մասամբ Քատամ, Էյն Թարմա, Հարասթա եւ այլ արուարձաններէն:
Ըստ ՍԱՆԱ լրատու գործակալութեան, պետական ուժերը կը հետապնդեն զինեալ խմբակները եւ կը յաջողին զանոնք վերացնել Դամասկոսի արուարձաններէն` արեւելեան Ղութայի շրջանէն եւ մօտակայ գիւղերէն` քանդելով անոնց կեդրոնները: Մարտեր տեղի ունեցան նաեւ Դամասկոսի հիւսիսարեւելեան արուարձաններուն մէջ, ուր բանակային ուժերը վերադարձուցին հրթիռային ջոկատը:
Իսկ երէկ լուսաբացին Մազզէի մայրուղիին վրայ ականուած ինքնաշարժ մը պայթեցաւ, ապա առաւօտուն պայթուցիկ սարքերով իրականացուեցան երկու պայթումներ նոյն շրջանին մէջ. կան վիրաւորներ եւ նիւթական վնասներ:
Դամասկոս մայրաքաղաքի բոլոր շրջանները եւ ճամբաները ապահովական խիստ միջոցառումներու կ՛ենթարկուին:
- 0 Comments
- 74 views
- Tweet
Email
Print



