Saturday May 25, 2013

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը Իր Մասնակցութիւնը Պիտի Բերէ Թորգոմ Պատրիարքի Վերջին Օծման Եւ Թաղման Կարգին

By adminx - Mon Oct 15, 7:18 am

Ինչպէս նախապէս հաղորդած էինք, ուրբաթ, 12 հոկտեմբեր 2012-ին վախճանեցաւ Երուսաղէմի հայոց պատրիարք Թորգոմ արք. Մանուկեանը:

93 տարիներ բոլորած հանգուցեալ պատրիարքը աւելի քան վաթսուն տարիներ նուիրումով ծառայած է հայ եկեղեցւոյ: Երուսաղէմի հայոց պատրիարքարանին մէջ ան եղած է «Սիոն» պաշտօնաթերթի խմբագրական կազմի անդամ, վարած Ճեմարանի փոխտեսուչի եւ ապա` տեսուչի պաշտօն: 1946-էն մինչեւ իր պատրիարքական ընտրութիւնը, քանի մը տարիներու ընդհատումով միայն, Թորգոմ արքեպիսկոպոս եղած է Միացեալ Նահանգներու զանազան շրջանները, ուր հետեւած է  աստուածաբանական բարձրագոյն ուսման եւ ծառայած իբրեւ առաջնորդ Արեւելեան եւ Արեւմտեան թեմերուն: 1994-ին Ամենայն հայոց Վազգէն Ա. կաթողիկոսի վախճանումէն ետք Թորգոմ սրբազան կ՛ընտրուի կաթողիկոսական տեղապահ:

Յատկապէս Միացեալ Նահանգներու մէջ իր ծառայութեան շրջանին, Թորգոմ արք. Մանուկեան ստացած է ակադեմական պարգեւներ, ինչպէս նաեւ պատուոյ շքանշաններ: Ան գործօն մասնակցութիւն բերած է նաեւ միջեկեղեցական յարաբերութեանց ծիրին մէջ: Հեղինակ է շուրջ քսան հատորներու` գրական-գեղարուեստական, երաժշտական եւ կրօնագիտական բովանդակութեամբ:

Հանգուցեալ Թորգոմ պատրիարքի վերջին օծման ու թաղման կարգին յանուն Արամ Ա. կաթողիկոսին իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ Կիպրոսի հայոց թեմի առաջնորդ Վարուժան արք. Հերկելեան: Իսկ յառաջիկայ կիրակի, յաւարտ սուրբ պատարագին, հոգեհանգստեան յատուկ արարողութիւններ պիտի կատարուին Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարին, ինչպէս նաեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան թեմերու եկեղեցիներուն մէջ:

 

 

Leave a Reply

Advertisement