Thursday May 23, 2013

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

By adminx - Mon Oct 15, 5:30 am

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ)
Մշակոյթի այս ամսուան ընթացքին ունիք պարտականութիւններ` կրթական թէ մշակութային ուսմանց վերաբերեալ: Դուք չէք կրնար անմասն մնալ այս պատասխանատու աշխատանքներէն: Սիրով մասնակցեցէք:

ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Մի՛ մոռնաք ձեր ժամադրութիւնը, որ կարեւոր հարցի մը քննարկումը պիտի ըլլայ: Ճիշդ ժամանակին ներկայ եղէք, ճշգրիտ հարցարաններ ունեցէք:

ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Պիտի հրաւիրուիք տեղ մը, ուր ձեզմէ պիտի խնդրուի մասնակցիլ աշխատանքի մը, որ ձեր ասպարէզին յատուկ է: Օրը ձեռնտու առիթներ ունի:

ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Յաւելեալ ակնկալութիւններ մի՛ ունենաք ձեր աշխատած վայրին մէջ: Ներկայիս գոհացէք այնքանով, որքան որ տրուած է ձեզի: Համբերութեամբ կրնաք աւելին ունենալ եւ լաւագոյնին տիրանալ:

ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Ունիք նոր ծրագիր մը, որուն յաջողութեան համար հարկ է որ դիմէք փորձառու անձերու կարծիքին, որպէսզի յաջողիք: Զգուշ եղէք միշտ:

ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Ամէն անձի քով մի խօսիք ձեր ծրագիրներուն մասին, որովհետեւ կրնաք ունենալ նախանձողներ, որոնք կը խանգարեն ձեր գործը:

ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Նորութիւն մը կրնաք լսել ձեր գործունէութեան վերաբերեալ: Եթէ հրաւէր մը ստանաք` մասնակցելու ձեր բարեկամներուն աշխատանքին, մի՛ մերժէք:

ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Վերջերս շատ ծախսած էք, թէեւ` կարեւոր պիտոյքներու համար, բայց հարկ է ամսուան ընթացքին պահէք ձեր պիւտճէին հաւասարակշռութիւնը: Մի՛ մոռնաք:

ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Քանի մը հրաւէրներ պիտի ստանաք նոյն ատեն: Բոլորին չէք կրնար ներկայ ըլլալ, հետեւաբար պէտք է որոշէք ամէնէն առաջնահերթը եւ կարեւորը:

ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Եթէ տեսնէք, որ ձեր օգնութիւնը ձեր շրջապատին մէջ նկատի չ՛առնուիր, մի՛ դժգոհիք, այլ լուռ տրամադրութեամբ հեռու մնացէք այդ շրջանակէն:

ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Նոր լուրեր եւ այլ հրաւէրներ պիտի խանդավառեն ձեր առօրեան: Միացէք այնպիսի անձերու, որոնց ընկերակցութիւնը օգտակար կ՛ըլլայ:

ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Մի՛ հաւատաք ձեր բոլոր լսածներուն, որոնք կրնան անհիմն ըլլալ: Զուր տեղ մտահոգուիլը կը խանգարէ օրուան ձեր ծրագիրը: Ձեր լսած լուրերը հաստատեցէք եւ ապա ուրիշներուն փոխանցեցէք ճիշդը կամ սխալը:

Leave a Reply

Advertisement