Ասիոյ «Մաութըն Պայք»-ի Ախոյեանութիւն. Պաշտօնական Բացում` Ներկայութեամբ Պաշտօնական Հիւրերու Եւ Անձնաւորութիւններու
By adminx - Sat Oct 13, 6:00 am
- 0 Comments
- 9 views
- Tweet
Email
Print
Շաբաթ, 13 եւ կիրակի, 14 հոկտեմբեր 2012-ին, տեղի պիտի ունենայ մեծերու 18-րդ, իսկ փոքրերու 4-րդ Ասիոյ «Մաութըն-Պայք»-ի (Լեռնային հանգրուաններ) ախոյեանութիւնը` Մըրուժ – Պիսքանթա – Պաքիշ շրջանին մէջ, մասնակցութեամբ աւելի քան 100 հեծելանւորդներու` 13 երկիրներէ:
Նշենք, որ այս ախոյեանութիւնը տեղի կ՛ունենայ հովանաւորութեամբ Լիբանանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Ֆայսալ Քարամէի եւ գործակցութեամբ Պիսքանթայի քաղաքապետութեան:
Այս ախոյեանութեան պաշտօնական բացումը տեղի ունեցաւ «Թեր Պրաուն» պանդոկին մէջ (Քֆարզըպիան)` ներկայութեամբ նախարար Քարամէի ներկայացուցիչ Եասեր Ապպուշիի, Ասիոյ հեծելարշաւի ֆետերասիոնի նախագահ Զու Հի Եուքի եւ Ֆետերասիոնի անդամներուն, Միջազգային հեծելարշաւի ֆետերասիոնի ներկայացուցիչ Տոմինիք Ռիմոնի, Լիբանանի ողիմպիական կոմիտէի անդամ, Լիբանանի հեծելարշաւի ֆետերասիոնի նախագահ Վաչէ Ծատուրեանի եւ այլ անդամներու, Պիսքանթայի քաղաքապետ Թանիոս Ղանեմի, մասնակցող երկիրներու պատասխանատուներուն եւ այլ հրաւիրեալներու:
Ներկաներուն ուղղած բարի գալուստի իր խօսքէն ետք, Ռուքոզ Հոպէյքա (Լիբանանի հեծելարշաւի ֆետերասիոնի նախկին ընդհանուր քարտուղար) խօսքը տուաւ Վաչէ Ծատուրեանի, որ ըսաւ. «Լիբանանի հեծելարշաւի ֆետերասիոնը կու գայ շնորհակալութիւն յայտնելու Ասիոյ հեծելարշաւի ֆետերասիոնին, որ այսպիսի կարեւոր իրադարձութեան մը կազմակերպումը վստահեցաւ մայրիներու երկրին: 1952-ին հիմնուած Լիբանանի հեծելարշաւի ֆետերասիոնը, որ այժմ 60 տարեկան է, յաջողութիւն կը մաղթէ մասնակցողներուն»:
Ապա, յաջորդաբար խօսք առին Ղանեմ, Ապպուշի եւ Եուք:
Անոնց արտասանած խօսքերէն ետք Ասիոյ ֆետերասիոնին նախագահը` Եուք, յիշատակի յատուկ նուէր մը տուաւ Ծատուրեանի:
Ինչ կը վերաբերի տրամադրուած փոխադրամիջոցներուն, շաբաթ օր, առաւօտեան ժամը 7:30-ին անոնք ճամբայ պիտի ելլեն դէպի Պաքիշ` Անթիլիասի մայրավանքին դիմացէն:
Ինչ կը վերաբերի կիրակի օրուան յայտագիրին, անիկա պիտի ընթանայ հետեւեալ ձեւով (սկիզբ` նոյն ժամուն եւ նոյն վայրէն):
Ստորեւ յայտագիրը.
Ժամը 9:00` աղջիկներ, 11:00` տղաք, 14:00` կրտսերներ (տղաք) եւ 16:00` կրտսերներ (աղջիկներ): Իսկ ժամը 20:00-ին` փակում:
- 0 Comments
- 9 views
- Tweet
Email
Print



