Saturday May 25, 2013

12-14 Յուլիս 2013-ին Լիբանան Պիտի Հիւրընկալէ Խոտի Վրայ Դահոյկի Աշխարհի Ախոյեանութիւնը

By adminx - Sat Oct 13, 5:55 am

Լիբանանի դահուկարշաւի ֆետերասիոնին կողմէ հրապարակուած պաշտօնական հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ Լիբանան Դահուկարշաւի միջազգային ֆետերասիոնէն իրաւունք ստացաւ 12-14 յուլիս 2013-ին հիւրընկալելու խոտի վրայ տեղի ունենալիք դահոյկի աշխարհի ախոյեանութիւնը: Անիկա տեղի պիտի ունենայ Ֆաքրայի շրջանին մէջ:

Ասիկա բնականաբար հետեւանք է նոյն այդ շրջանին մէջ 2011-ին տեղի ունեցած միջազգային մրցաշարքի մը, որ մեծ յաջողութիւն գտաւ:

Ցիւրիխի մէջ (Զուիցերիա) տեղի ունեցած թեկնածուի ընտրութեան Լիբանան այդ ախոյեանութիւնը հիւրընկալելու իրաւունքը ստացաւ` քուէարկութեան ընթացքին յաղթելով Չեխիոյ, Ալպանիոյ եւ Սլովենիոյ:

 

Leave a Reply

Advertisement