Հայաստան Եւ Ռուսիա Ստորագրեցին Մինչեւ 2020 Թուականը Երկարաժամկէտ Տնտեսական Համագործակցութեան Ծրագիրը
By adminx - Sat Oct 13, 7:46 am
- 0 Comments
- 151 views
- Tweet
Email
Print
Նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ ընդունեց տնտեսական համագործակցութեան հարցերով հայ-ռուսական միջկառավարական յանձնախումբի համանախագահ, Ռուսիոյ փոխադրութեան նախարար Մաքսիմ Սոքոլովը եւ անոր գլխաւորած պատուիրակութիւնը:
Նախագահ Սարգսեան շնորհաւորեց Մաքսիմ Սոքոլովը` յանձնախումբի ռուսական կողմին համանախագահ նշանակուելու առիթով եւ մաղթեց յաջողութիւն:
Յանձնախումբի համանախագահներ Հայաստանի վարչապետ Տիգրան Սարգսեան եւ Ռուսիոյ փոխադրութեան նախարար Մաքսիմ Սոքոլով նախագահին ներկայացուցին երէկ տեղի ունեցած միջկառավարական յանձնախումբի նիստին արդիւնքները:
Նախագահ Սերժ Սարգսեան յոյս յայտնեց, որ յանձնախումբը իր արդիւնաւէտ աշխատանքով շարունակէ նպաստել Հայաստանի եւ Ռուսիոյ միջեւ ռազմավարական գործընկերութեան զարգացման, տնտեսական մարզին մէջ փոխադարձ գործակցութեան խորացման ու երկու երկիրներուն եւ բարեկամ ժողովուրդներուն միջեւ կապերու յաւելեալ ամրապնդման: Նախագահը բարձր գնահատեց միջկառավարական յանձնախումբի դերը տնտեսութեան, ուժանիւթի, փոխադրամիջոցներու եւ հաղորդակցութեան մարզերուն մէջ, ինչպէս նաեւ գիտական-արհեստագիտական եւ մարդկային համագործակցութեան մարզերուն մէջ բարձր համաձայնութիւններու իրականացման գործին մէջ:
Նշենք, որ երէկ Հայաստանի կառավարութեան ընդունելութիւններու տան մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի եւ Ռուսիոյ միջեւ տնտեսական համագործակցութեան միջկառավարական յանձնախումբի 14-րդ նիստը: Նախքան ընդլայնուած կազմով նիստին սկիզբը, տեղի ունեցաւ յանձնախումբի նախագահներուն գլխաւորած պատուիրակութիւններուն նեղ կազմով հանդիպումը:
Ողջունելով նիստին մասնակիցները` Հայաստանի վարչապետը նախ շնորհաւորեց Մաքսիմ Սոքոլովը յանձնախումբի ռուսական կողմի համանախագահի պաշտօնին նշանակուելու առիթով:
Տիգրան Սարգսեան նշեց, որ յանձնախումբին առջեւ մեծ պատասխանատուութիւն դրուած է` պահպանելու երկկողմանի համագործակցութեան հետագայ զարգացման եւ ընդլայնման այն մեծ ներուժը, որ ստեղծուած է երկարատեւ միացեալ աշխատանքներու իբրեւ արդիւնք:
Ընդգծելով հայ-ռուսական տնտեսական կապերուն մէջ արձանագրուած աճը` Տիգրան Սարգսեան տեղեկացուց, որ Հայաստանի եւ Ռուսիոյ միջեւ առեւտրական շրջանառութիւնը ընթացիկ տարուան առաջին ութ ամիսներուն ընթացքին նախորդ տարուան նոյն ժամանակաշրջանին համեմատ աճած է 23 առ հարիւրով եւ կազմած 880 միլիոն տոլար: Ռուսիայէն Հայաստան ներածումներու ծաւալը նոյն ժամանակաշրջանին աճած է 17 առ հարիւր` կազմելով 640 միլիոն տոլար:
Ըստ վարչապետին, յատուկ ուշադրութեան արժանի է ռուսական շուկայ հայկական ապրանքներու եւ ծառայութիւններու արտահանման աճը. 2012-ի առաջին ութ ամիսներուն ընթացքին 2011-ի նոյն ժամանակաշրջանին համեմատ ատիկա աճած է 50 առ հարիւրով եւ կազմած է 168 միլիոն տոլար: «Ասիկա Հայաստանի ներկայ տնտեսական աճի կարեւոր գործօններէն մէկն է», ըսաւ վարչապետ Տիգրան Սարգսեան:
Նիստի աւարտին Տիգրան Սարգսեան եւ Մաքսիմ Սոքոլով ստորագրեցին Հայաստանի եւ Ռուսիոյ միջեւ մինչեւ 2020 թուականը երկարաժամկէտ տնտեսական համագործակցութեան ծրագիրը, ինչպէս նաեւ տնտեսական համագործակցութեան հայ-ռուսական միջկառավարական յանձնախումբի 14-րդ նիստի արձանագրութիւնը:
- 0 Comments
- 151 views
- Tweet
Email
Print




