Երուսաղէմի Հայոց Թորգոմ Արք. Մանուկեան Պատրիարքը Վախճանեցաւ
By adminx - Sat Oct 13, 7:17 am
- 0 Comments
- 322 views
- Tweet
Email
Print
Երուսաղէմի մէջ երկարատեւ հիւանդութենէ ետք 93 տարեկանին վախճանեցաւ Երուսաղէմի հայոց Թորգոմ արք. Մանուկեան պատրիարքը:
Ան ծնած էր 16 փետրուար 1919-ին` Պաղտատի հիւսիսը գտնուող Պաքուպա քաղաքին մօտ գտնուող գաղթականներու ճամբարին մէջ: Ան 22 մարտ 1990-ին ընտրուած էր Երուսաղէմի 96-րդ պատրիարք:
Թորգոմ պատրիարքը մեծ աւանդ ունեցած է միջազգային միջեկեղեցական յարաբերութիւններու զարգացման գործին մէջ: Ան հեղինակ է քսան մենագրութիւններու, որոնց շարքին` բանաստեղծական երեք ժողովածուներ, հայկական Ս. պատարագի ուսումնասիրութիւն, Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած գիրքեր եւ Երուսաղէմի սուրբ վայրերու մանրամասն ուղեցոյց: Պատրիարք հայրը նաեւ յայտնի կոմիտասագէտ էր:
- 0 Comments
- 322 views
- Tweet
Email
Print




