Ֆիշըր Անհանգստութիւն Կը Յայտնէ Օսկանեանի Հարցով
By adminx - Sat Oct 13, 7:43 am
- 0 Comments
- 127 views
- Tweet
Email
Print
Եւրոպական խորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովին մէջ Հայաստանի հարցով համազեկուցող Աքսել Ֆիշըր նախանցեալ օր իր անհանգստութիւնը յայտնեց Հայաստանի Ազգային ժողովի Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան խմբակցութեան անդամ, Հայաստանի արտաքին գործոց նախկին նախարար Վարդան Օսկանեանը «վիճայարոյց քրէական մեղադրանքներու» հիման վրայ պատգամաւորական անձեռնմխելիութենէ զրկելու առիթով:
«Ասիկա յատկապէս անհանգստացնող է` հաշուի առնելով այն յամառ պնդումները, որ անոր դէմ առաջադրուած մեղադրանքներուն մէջ դեր խաղցած են քաղաքական դրդապատճառները», ընդգծեց Ֆիշըր իր յայտարարութեան մէջ, որուն բնագիրը տեղադրուած է Եւրոպական խորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովի պաշտօնական կայքէջին վրայ:
Վեհաժողովի համազեկուցողը նշեց, որ եթէ այդ պնդումները հաստատուին, ապա ատիկա կը նշանակէ ետքայլ վերջին մէկուկէս տարուան ընթացքին արձանագրուած` քաղաքական հարցերու լուծման դրական ուղիէն: Ան աւելցուց, որ նամակ յղած է Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Յովիկ Աբրահամեանին` խնդրելով պարզաբանել Վարդան Օսկանեանին ներկայացուած մեղադրանքները, ինչպէս նաեւ այն հիմքերը, որոնց հիման վրայ խորհրդարանը զայն զրկեց անձեռնմխելիութենէ:
- 0 Comments
- 127 views
- Tweet
Email
Print



