Վարչապետ Միքաթի Կը Մասնակցի Ֆրանսախօս Երկիրներու Վեհաժողովին
By adminx - Sat Oct 13, 7:36 am
- 0 Comments
- 41 views
- Tweet
Email
Print
Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ առաւօտեան մեկնեցաւ Քոնկօ` նախագահելով Ֆրանսախօս երկիրներու կազմակերպութեան 14-րդ վեհաժողովին իր մասնակցութիւնը բերող լիբանանեան պատուիրակութեան:
Լիբանանեան պատուիրակութեան մաս կը կազմեն փոխվարչապետ Սամիր Մուքպել, առողջապահութեան նախարար Ալի Հասան Խալիլ, տնտեսութեան եւ առեւտուրի նախարար Նիքոլա Նահհաս, ներքին գործոց նախարար Մարուան Շարպել, մշակոյթի նախարար Կապի Լայեուն, Ֆրանսախօս երկիրներու կազմակերպութեան մէջ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի ներկայացուցիչ Խալիլ Քարամ եւ Քոնկոյի մէջ Լիբանանի դեսպան Սաատ Զախիա:
Քենշասայի մէջ վարչապետ Միքաթի եւ լիբանանեան պատուիրակութիւնը դիմաւորուեցան Քոնկոյի խորհրդարանի նախագահ Օպան Մինաքէի եւ պետական անձնաւորութիւններու պատուիրակութեան մը կողմէ:
Երեկոյեան վարչապետը հանդիպում մը ունեցաւ Քոնկոյի լիբանանեան գաղութին հետ, իսկ այսօր ան կը մասնակցի Ֆրանսախօս երկիրներու կազմակերպութեան 14-րդ վեհաժողովին:
- 0 Comments
- 41 views
- Tweet
Email
Print




