Sunday May 19, 2013

Զօր. Աուն. «Մենք Կը Զօրակցինք Այնպիսի Ընտրական Օրէնքի Մը, Որ Ամէնէն Աւելի Քրիստոնեայ Երեսփոխան Կ՛ապահովէ»

By adminx - Sat Oct 13, 7:34 am

Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն «Էլ. Պի. Սի.» պատկերասփիւռի կայանին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան թեկնածուները տակաւին վերջնական չեն յայտարարուած, որովհետեւ ընտրական ցանկերը ամբողջական չեն:

Զօր. Աուն հաստատեց, որ Լիբանանը 50 ընտրաշրջանի վերածելու ընտրական օրէնքը տգեղ օրէնք մըն է, որովհետեւ ան Լիբանանը կը մասնատէ ոչ թէ քաղաքական ընտրաշրջաններու, այլ` համայնքային ընտրաշրջաններու, որպէսզի Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերը յաղթանակ արձանագրեն:

Զօր. Աուն նշեց, որ իբրեւ փոխանցման հանգրուան 1960-ի օրէնքը ընդունելի էր` աւելցնելով, որ աւելի ուշ մշակուած էր Տոհայի օրէնքը, որուն հիման վրայ կարելի եղած էր ապահովել 36 քրիստոնեայ երեսփոխաններ:

Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահը հաստատեց, որ տակաւին կանուխ է ըսելու, թէ Ազգային ազատ հոսանքը ընդունած է նախկին նախարար Ֆուատ Պութրոսի մշակած ընտրական օրէնքը:

«Մենք կը զօրակցինք այնպիսի ընտրական օրէնքի մը, որուն հիման վրայ կարելի է ամէնէն աւելի քրիստոնեայ երեսփոխաններ ընտրել», ըսաւ զօր. Աուն:

Ան նշեց, որ ինք մեծամասնական դրութեան դէմ է, եւ իրեն համար այդ դրութիւնը մերժելի է` աւելցնելով, որ Աքքարի եւ Թրիփոլիի մէջ տիրող կացութիւնը չ՛արտօներ, որ երեսփոխանական ընտրութիւնները կատարուին իրենց ճշդուած թուականին:

 

 

 

Leave a Reply

Advertisement