Thursday May 23, 2013

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

By adminx - Sat Oct 13, 7:31 am

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ փոխնախագահ Ֆարիտ Մքարի երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Աւստրիոյ դեսպան Ուրսուլա Ֆեհրինկըրը: Հանդիպումին ընթացքին Մքարի կոչ ուղղեց միջազգային ընտանիքին` օժանդակելու Լիբանանին, որպէսզի ան կարենայ հիւրընկալել սուրիացի գաղթականները:

ՇԻԻՆԵՐՈՒ գերագոյն խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Ապտել Էմիր Քապալան զարմանք յայտնեց Դիմադրութեան դէմ մղուած բուռն պայքարին առնչութեամբ: «Մեզի խորհուրդներ տալու փոխարէն, վերջ տուէք ձեր ամբաստանութիւններուն», ըսաւ ան:

ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ միւֆթի շէյխ Մոհամետ Ռաշիտ Քապպանի հաստատեց, որ Լիբանան կարիքը ունի ընտրական այնպիսի ծրագիրի մը, որ բոլոր լիբանանցիներուն կ՛ապահովէ ճշգրիտ եւ առողջ ներկայացուցչութիւն:

ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Սելիմ Հըս մաղթեց, որ Դիմադրութիւնը շարունակէ բարելաւել իր ճիգերը` տապալելու համար թշնամին:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի ընդունեց հարաւային Լիբանանի մէջ ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու հրամանատար զօր. Փաուլօ Սերրան, որուն հետ քննարկեց հարաւային Լիբանանի իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ բանակին եւ միջազգային խաղաղապահ ուժերուն միջեւ գործակցութիւնը:

ԱՐՏԱՔԻՆ գործոց նախարար Ատնան Մանսուր Պուսթրոս պալատին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Կիպրոսի դեսպան Հոմեր Մաւրոմաթիսը, որ մեկնեցաւ մերժելով յայտարարութիւն կատարել: Միւս կողմէ, Մանսուր յայտնեց, որ արտաքին գործոց նախարարութեան կողմէ դիւանագիտական անձնակազմի թեկնածուները արդէն իսկ յստակացած են, իսկ նշանակումները պիտի կատարուին առաւելագոյնը երկու շաբաթէն:

ԻԲՐԵՒ բողոք դատաւոր Ժան Ֆահըտը Դատական իշխանութեանց գերագոյն խորհուրդի նախագահ նշանակելու «ոճ»-ին դէմ, Վճռաբեկ ատեանի աւագ դատաւոր Անթոնի Իսա Խուրի հրաժարեցաւ:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Ալի Խրէյս յայտնեց, որ նախկին նախարար Ֆուատ Պութրոսի մշակած ընտրական օրինագիծը եւս ենթակայ է քննարկումի:

«ՆԱՀԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն եւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ կը մերժեն հանդիպում ունենալ իրարու հետ:

ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ նախարար Շաքիպ Քըրթպաուի շեշտեց, որ ինք առաջարկած է դատական իշխանութեանց վերաբերող նշանակումներուն թեկնածուները:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ահմետ Ֆաթֆաթ շեշտեց, որ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերը կը մերժեն արտերկրի լիբանանցիներուն քուէարկութեան առնչութեամբ արտաքին գործոց նախարարութեան վարած քաղաքականութիւնը:

ԲՐԻՏԱՆԱԿԱՆ «Կարտիըն» օրաթերթը, սուրիացի ընդդիմադիրներէն քաղելով իր տեղեկութիւնները, կը գրէ, թէ իւրաքանչիւր անգամ, որ երեսփոխան Օքապ Սաքըր Թուրքիա հասնի, իրենց զէնք կը մատակարարէ, յանձնառու մնալով այդ զէնքին հասցէն գիտնալու պատասխանատուութեան:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Ալեն Աուն շեշտեց, որ կան երեսփոխանական այնպիսի պլոքներ, որոնք կառչած կը մնան 1960-ի ընտրական օրէնքին:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Սամիր Ժսըր յայտնեց, որ Հըզպալլայի կատարած գործողութիւնը իւրայատուկ է եւ հազուադէպ, սակայն այդ գործողութիւնը կատարելու ժամկէտը կը միտի ժողովուրդին ուշադրութիւնը շեղել Սուրիոյ դէպքերուն Հըզպալլայի մեղսակցութեան իրականութենէն:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Հանի Քպայսի շեշտեց, որ իրենք պէտք է հասնին ընտրական արդար օրէնքի մը, որ քաղաքական բոլոր կողմերուն պատասխանատուութիւնն է:

«ՀԱՅԱԹ» օրաթերթին համաձայն, ընտրական օրէնքը պէտք է քաղաքական պազարէն դուրս բերել եւ առիթ տալ նոր օրէնք մը մշակելու:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան երեսփոխան Անթուան Զահրա յայտնեց, որ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի հոգը Լիբանանի պաշտպանութիւնը չէ` աւելցնելով, որ անոր վերջին խօսքերը կը միտին փարատել Հըզպալլայի հետեւորդներուն մտահոգութիւնները:

«ՏԻԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Լիբանանեան ուժեր կուսակցութիւնը որոշած է Էշրեֆիէի մէջ երեսփոխան Նէյլա Թուէյնիի դէմ մրցակից թեկնածու մը առաջադրել:

ԼԵՌՆԱԼԻԲԱՆԱՆԻ նահանգապետի պաշտօնին համար ներկայացուելիք թեկնածուներուն շրջագիծին մէջ, Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ վեթոյի ենթարկած է խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի կողմէ առաջադրուած թեկնածու Ալի Համատի անունը:

«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, լիբանանեան բանակը կը պատրաստուի գործադրել կեդրոնական եւ հիւսիսային Պեքաայի մէջ դիրքաւորուելու ապահովական ծրագիր մը:

«ԼԻՈՒԱ» օրաթերթին համաձայն, ընթացքի մէջ են հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ, որոնց լոյսին տակ կը նախապատրաստուի յառաջիկայ երկուշաբթի օր վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի Քաթար կատարելիք այցելութիւնը:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Սպանիոյ դեսպան Մելլակրոս Հեռնանտօ յայտնեց, որ երեսփոխանական ընտրութիւնները ճշդուած թուականին կատարելու կամքը կայուն ժողովրդավարութեան ցուցանիշ է:

«ՆԱՀԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Պէյրութի մէջ օտար երկիրներու դեսպանատուներ ստացած են այնպիսի տեղեկութիւններ, թէ Լիբանանի ընդդիմութեան եւ մեծամասնութեան միջեւ պիտի արձանագրուին բախումներ:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Ժիլպերթ Զուէյն «Նաշրա» կայքէջին շեշտեց, որ քաղաքական լարուածութիւնը բարգաւաճման մարզին վրայ ժխտական ազդեցութիւն կ՛ունենայ: Ան աւելցուց, որ բարգաւաճումն ու վերաշինութիւնը պէտք է բոլոր քաղաքացիներուն համար ըլլան:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան փոխնախագահ Ժորժ Ատուան շեշտեց, որ իրենք Ուղղափառ հանդիպումի ներկայացուցած օրէնքին թեր պիտի քուէարկեն, եթէ նկատեն, թէ անիկա կը վայելէ մեծամասնութեան հաւանութիւնը:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ահմետ Ֆաթֆաթ շեշտեց, որ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի կատարած յայտարարութիւնները կը փաստեն, թէ Լիբանան պիտի շարունակէ մնալ իրանեան հրթիռային մարտկոց, այնքան ատեն որ սէյիտ Նասրալլա այդպէս որոշած է:

 

Leave a Reply

Advertisement