Սուրիական Օդանաւին Հարցով Ռուս-Թրքական Լարուածութիւնը Կը Շարունակուի
By adminx - Sat Oct 13, 7:28 am
- 0 Comments
- 101 views
- Tweet
Email
Print
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Սելճուք Էօնալ անհաւանական նկատեց, որ Մոսկուայէն Դամասկոս թռիչք կատարող օդանաւի միջադէպը ռուս-թրքական յարաբերութիւններուն վրայ ազդէ` նշելով, որ իր երկիրը օդանաւին վրայ ռուս քաղաքացիներու գոյութենէն տեղեակ դարձած է սուրիական օդանաւին Անգարայէն թռիչք առնելէն քանի մը վայրկեան առաջ:
Էօնալ ըսաւ, որ Անգարայի մէջ Ռուսիոյ դեսպանը Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւն կանչուած եւ տեղեակ պահուած էր, որ թրքական իշխանութիւնները սուրիական օդանաւին մէջ «զինուորական սարքեր» գտած են, ինչ որ կը հակասէ օդի ճամբով փոխադրութեան օրէնքներուն: Ան մերժեց այսպիսի դէպքերու կրկնութեան հաւանականութեան մասին հարցումի մը պատասխանել:
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը հերքեց այն տեղեկութիւնները, թէ թրքական կործանիչներ սուրիական օդանաւին մօտենալով խախտած են ապահովութեան կանոնները, ինչպէս նաեւ հերքեց այն լուրերը, որ օդանաւին անձնակազմը խոշտանգումի ենթարկուած է եւ պարտադրուած փաստաթուղթեր ստորագրել:
Ինչ կը վերաբերի թրքական օդանաւերու սուրիական օդային տարածքի օգտագործումը դադրեցնելու պահանջին, ան ըսաւ, որ այդ մէկը օդանաւին միջադէպին հետ կապ չունի, այլ` սուրիական օդային տարածքի ապահովութեան` յայտնելով, որ թրքական իշխանութիւնները թրքական օդանաւային ընկերութիւններուն այդ պահանջը ներկայացուցած են առնուազն չորս օր առաջ:
Թրքական պետական «Թէ.Ռէ.Թէ.» պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան երէկ Պոլսոյ մէջ Թուրքիոյ գաղտնի սպասարկութեան` ՄԻԹ-ի ղեկավար Հաքան Ֆիտանի հետ դռնփակ ժողով մը գումարած է:
ՄԱԿ-ի մօտ Սուրիոյ մնայուն ներկայացուցիչ Պաշշար Ժաաֆարի Ապահովութեան խորհուրդի նախագահին յղեց նամակ մը, որուն մէջ յայտնեց, որ Սուրիա պատրաստ է սահմանին վերահսկողութեան համար Թուրքիոյ հետ ապահովական միացեալ յանձնախումբ մը կազմելու:
Սպիտակ տան փոխբանբեր Ճոշ Էռնեսթ անդրադառնալով թրքական իշխանութիւններուն` սուրիական օդանաւին Անգարա էջք կատարել ստիպելով անոր բեռները գրաւելու հարցին ըսաւ, որ «թուրքերուն կատարածին վերաբերեալ զեկուցումները տեսայ եւ անոնց այդ որոշումին կամ գտածին վերաբերեալ որեւէ մեկնաբանութիւն չունիմ: Այն ինչ որ կրնամ ըսել այն է, որ ամերիկեան ներկայ վարչակազմին կարծիքով, Ասատի վարչակարգին զէնքի հոսքը պէտք է դադրի ու մենք շրջանին եւ աշխարհին մէջ մեր դաշնակիցներուն ու գործընկերներուն հետ այդ ուղղութեամբ կ՛աշխատինք: Պատճառն ալ այն է, որ սուրիական վարչակարգը այդ զէնքերը սուրիացի ժողովուրդին դէմ գարշելի բռնարարքներ կատարելու համար կ՛օգտագործէ»:
«Մենք մեր գործընկերներուն եւ դաշնակիցներուն կողքին կը կանգնինք զէնքերու հոսքի դադրեցման համար իրենց աշխատանքին մէջ եւ անշուշտ թուրքերուն կողքին կը կանգնինք Սուրիոյ մէջ կայունութեան բացակայութեան պատճառով իրենց դիմագրաւած շարք մը մարտահրաւէրներուն մէջ: Ինչ կը վերաբերի այս կացութեան, կրնամ միայն ըսել, որ տեղի ունեցածին մասին զեկուցումները տեսանք», նշեց ան:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Վիքթորիա Նուլընտ իր կարգին յայտնեց, որ «մենք մեծապէս կը զօրակցինք օդանաւը ստուգելու Թուրքիոյ իշխանութիւններուն որոշումին… Մենք անհանգստացած պիտի ըլլանք Պաշշար Ասատի վարչակարգին զինուորական ապրանքներ մատակարարելու որեւէ փորձով, որովհետեւ ան այդ ապրանքները կ՛օգտագործէ սեփական քաղաքացիներուն դէմ: Մենք յաւելեալ տեղեկութիւններու կը սպասենք թրքական կողմէն, եւ երբ աւելի շատ տեղեկութիւններու տիրապետենք, ատիկա կրնայ Ռուսիոյ իշխանութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ զրոյցի նիւթ դառնալ», ըսած է ան:
Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտ իր կարգին «Ֆրանս24» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին ողջունեց Թուրքիոյ որոշումը եւ բարձր գնահատեց Թուրքիոյ կեցուածքը` զայն նկատելով «ողջամիտ»:
Հոլլանտի համոզումով` պէտք է Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն Թուրքիոյ, Լիբանանի եւ Յորդանանի վրայ տարածումը կանխարգիլել:
Ռուսիոյ Ազատական ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար Վլատիմիր Ժիրինովսքի առաջարկեց տուն կանչել Թուրքիոյ մէջ Ռուսիոյ դեսպանը եւ վտարել Ռուսիոյ մէջ Թուրքիոյ դեսպանը` Անգարայի մէջ Մոսկուա-Դամասկոս թռիչքին հետ կապուած գայթակղութեան պատճառով:
Ան «Թուիթըր» ընկերային ցանցին վրայ ըսաւ, որ թուրքերը ողջմտութեան բոլոր սահմանները կ՛անցնին:
Ռուսական «Քոմերսանթ» օրաթերթը` վկայակոչելով իր սեփական աղբիւրները, կը գրէ, որ Անգարայի մէջ պարտադիր էջք կատարած սուրիական օդանաւին մէջ հակաօդային պաշտպանութեան համակարգի ռատարի կայաններու համար նախատեսուած ճարտարագիտական տարրեր պարունակող 12 արկղներ եղած են: Աղբիւրները նշած են, որ այդ բեռը չէ պահանջած յատուկ ձեւակերպում, որովհետեւ ո՛չ անձնակազմի անդամներուն եւ ո՛չ ալ օդանաւի համար վտանգ ներկայացուցած է, եւ բեռին փոխադրութիւնը չէ խախտած որեւէ միջազգային օրէնք:
«Քոմերսանթ» կը գրէ, որ յառաջիկայ օրերուն Ռուսիոյ Անվտանգութեան դաշնակցային գրասենեակը մտադիր է համապատասխան գերատեսչութիւններուն մէջ ստուգումի սկսիլ` բեռին փոխադրութեան մասին տեղեկութեան արտահոսքին շուրջ:
Ռուսական պետական կառոյցի աղբիւրին համաձայն, Թուրքիոյ իշխանութիւնները, հաւանաբար, այդ մասին իմացած են, այլապէս «այսպիսի վտանգաւոր քայլի չէին դիմեր»:
Միւս կողմէ, «Հիւրրիյէթ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ թրքական բանակը դէպի Սուրիոյ սահմանամերձ Ուրֆա, Մարտին եւ Այնթապ շրջաններ 60 հրասայլեր ուղարկած է, իսկ թուրք-սուրիական շուրջ 900 քիլոմեթր երկարութեամբ սահմանին երկայնքով ընդհանուր առմամբ 250 հրասայլ տեղակայուած է:
Օրաթերթը կ՛աւելցնէ, որ Թուրքիոյ կառավարութեան որոշումով, առայժմ Սուրիոյ դէմ ոչինչ պիտի ձեռնարկուի: Հրամանատարները զինուորներէն պահանջած են միայն ուշադիր ըլլալ եւ ապահովել սահմանի անվտանգութիւնը, ինչպէս նաեւ կանխարգիլել ահաբեկիչներու մուտքը երկիր:
Մինչ այդ, Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտնեց, որ կարգ մը երկիրներու կողմէ սուրիական զինեալ ընդդիմութեան զէնքերու մատակարարման մասին տեղեկութիւններ ունի: Արտաքին գործոց նախարարութենէն աղբիւր մը նաեւ նշեց, որ «Ռուսիա թրքական կողմէն Մոսկուայէն թռիչք կատարած սուրիական օդանաւէն գրաւուած բեռներուն մասին որեւէ յաւելեալ տեղեկութիւն չստացաւ»:
Այլ գետնի վրայ, իսրայէլեան «Ետիոթ Ահրոնոթ» օրաթերթը երէկ հաղորդեց, որ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի հետ կատարուած անուղղակի բանակցութիւններուն ընթացքին համաձայնած է Կոլանի բարձունքներէն իսրայէլեան ամբողջական հեռացման, ամբողջական խաղաղութեան դիմաց, սակայն այդ բանակցութիւնները անցեալ տարուան սկիզբը սուրիական տագնապի սկզբնաւորման պատճառով վերջ գտած են:
Օրաթերթը կը նշէ, որ Նեթանիահու եւ պաշտպանութեան նախարար Էհուտ Պարաք 2010-ի աշնան ամերիկացի դիւանագէտ Ֆրետ Հոֆի միջոցով եւ խիստ գաղտնի կերպով Ասատի հետ բանակցութիւններու սկսած են:
Նեթանիահու երէկ հերքեց, որ Իսրայէլ մտադիր է Կոլանէն հեռանալու` ամբողջական խաղաղութեան դիմաց:
- 0 Comments
- 101 views
- Tweet
Email
Print



