Միացեալ Նահանգներու Փոխնախագահի Պաշտօնի Թեկնածուներու Բանավէճին Յաղթականը Պայտընն Է
By adminx - Sat Oct 13, 7:27 am
- 0 Comments
- 70 views
- Tweet
Email
Print
«ԻԹԱՐ-ԹԱՍՍ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ ամերիկեան «Սի.Պի.Էս.» պատկերասփիւռի կայանը Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահի պաշտօնի թեկնածուներու պատկերասփռուած բանավէճի յաղթական ճանչցած է գործող փոխնախագահ Ճոզեֆ Պայտընը:
Պատկերասփիւռի կայանը իր հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ կը յայտնէ, որ, «ըստ մեր կատարած հարցախոյզին, Պայտընի ի նպաստ քուէարկած է դիտողներուն 50 առ հարիւրը: Փոլ Ռայընը ապահոված է քուէներուն ընդամէնը 31 առ հարիւրը»:
Ըստ «Սի.Էն.Էն.» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին կատարած հարցախոյզին, նուազագոյն տարբերութեամբ յաղթած է հանրապետական Փոլ Ռայըն: Պատկերասփիւռի կայանի կայքէջի այցելուները այս հարցով խիստ քննադատութեան ենթարկած են «Սի.Էն.Էն.»-ը: Անոնք ձգած են հարիւրաւոր հաղորդագրութիւններ, որոնց մէջ իրենց դժգոհութիւնը կը յայտնեն հարցախոյզի արդիւնքներուն նկատմամբ: Ըստ անոնց, պատկերասփռուած բանավէճին ժամանակ «յստակօրէն յաղթած է Պայտըն»:
Յիշեցնենք, որ նախագահութեան թեկնածուներու` գործող նախագահ Պարաք Օպամայի եւ հանրապետական թեկնածու Միթ Ռոմնիի պատկերասփռուած առաջին բանավէճին ընթացքին յաղթած էր հանրապետական թեկնածուն:
- 0 Comments
- 70 views
- Tweet
Email
Print




