Wednesday May 22, 2013

21 Հոկտեմբերին Իսրայէլ- Ամերիկեան Մեծագոյն Ռազմափորձը

By adminx - Sat Oct 13, 7:22 am

Իսրայէլեան «Ճերուզալեմ Փոսթ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ 10 օր ետք պիտի սկսի Միացեալ Նահանգներու եւ Իսրայէլի միջեւ հակաօդային մեծագոյն ռազմափորձը, մինչ Իսրայէլի մէջ խորհրդարանական կանխահաս ընտրութեանց ընտրապայքարը ընթացք առած է:

Իսրայէլեան զինուորական աղբիւր մը օրաթերթին յայտնած է, որ Միացեալ Նահանգներ եւ Իսրայէլ 21 հոկտեմբերին Իսրայէլի մէջ իր տեսակին մէջ մեծագոյն միացեալ ռազմափորձին պիտի սկսին:

Աղբիւրը նշեց, որ «ամերիկացի բազմաթիւ զինուորներ յառաջիկայ կիրակի օր Իսրայէլ պիտի հասնին եւ տեղակայուին իսրայէլեան հակաօդային պաշտպանութեան դիրքերու եւ իսրայէլեան ծովափին մօտ գտնուող ամերիկեան մարտանաւերու վրայ:

 

Leave a Reply

Advertisement