Monday May 20, 2013

Ըստ Միջազգային Դրամական Ֆոնտին Համաշխարհային Տնտեսութիւնը Ակնկալուածէն Աւելի Դանդաղ Կը Վերականգնի

By adminx - Sat Oct 13, 7:19 am

Քրիսթին Լակարտ

«ԻԹԱՐ-ԹԱՍՍ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Միջազգային դրամական ֆոնտի գործադիր տնօրէն Քրիսթին Լակարտ Ճափոնի մայրաքաղաք Թոքիոյի մէջ տեղի ունեցած Միջազգային դրամատան եւ Միջազգային դրամական ֆոնտի նստաշրջանի բացման ընթացքին յայտնած է, որ համաշխարհային տնտեսութեան վերականգնումը դանդաղած է եւ անոր մէջ անորոշութիւն ի յայտ կու գայ:

«Մենք տնտեսութեան արագ վերականգնումին չենք սպասեր: Անիկա կը շարունակուի, սակայն աւելի դանդաղ, քան մենք կը կարծէինք: Անորոշութիւնները ծանր բեռի նման կ՛ազդեն աճի հեռանկարներուն վրայ», ըսած է Լակարտ:

Այս առումով Միջազգային դրամական ֆոնտի ղեկավարը դժգոհութիւն յայտնած է Եւրոպական Միութեան շրջանին մէջ պարտքային տագնապի լուծման վերաբերեալ Եւրոպական Միութեան ղեկավարներու դիրքորոշումին նկատմամբ: Ըստ անոր, իրավիճակը խնդիրը լուծելու համար աւելի ընդգրկուն նախագիծի մշակում կը պահանջէ:

 

 

Leave a Reply

Advertisement